Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 69-ամեակի Պաշտօնական Նշում

November 24, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակին առիթով հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ կատարուեցաւ զինուորական տողանցք, որուն ներկայ գտնուեցան իշխանութեան երեք պետերը,  իշխանութեան նախկին պետեր, նախարարներ, երեսփոխաններ, տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետեր, օտար դիւանագէտներ, տարբեր դեսպանատուներու զինուորական կցորդներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Տողանցքի վայրը նախ ժամանեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ պատուոյ պահակագունդին դիմաց ողջունեց զինուորական տողանցքին մասնակիցները, ապա ժամանեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, որուն յաջորդեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ տակաւին նոր վերադարձած էր ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ժամանումէն կարճ ժամանակ ետք տողանքին վայրը հասաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ նախ ծաղկեպսակ մը զետեղեց եւ ապա պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ յատուկ ինքնաշարժով մը անցաւ տողանցքի պատրաստ միաւորներուն առջեւէն` ստուգելով անոնց պատրաստուածութիւնը:

Այս արարողակարգին հետեւեցաւ տողանցքը, որուն ընթացքին բանակին տարբեր զօրասիւներուն եւ բաժանումներուն անդամ զինուորներ գունդ առ գունդ տողանցեցին պատուոյ թրիպիւնին մէջ իրենց տեղերը գրաւած իշխանութեան երեք պետերուն եւ հիւրերուն դիմաց:

Տողանցքին մասնակցեցան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու, ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան, մաքսատնային ոստիկանութեան եւ այլ զօրաբաժանումներու անդամներ եւ աշխատակիցներ:

Տողանցքին աւարտին, բանակին շեփորախումբը իր կարգին քալեց պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն եւ տողանցքը հասաւ իր աւարտին:

Տողանցքէն ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուղղուեցան Պաապտայի պալատ, ուր անոնք ընդունեցին շնորհաւորութիւններ պետական, նախարարական, խորհրդարանական, վարչական, կրօնական, զինուորական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններէ ու պատուիրակութիւններէ:

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով նախագահական պալատ բարձրացան նաեւ հասարակական, քաղաքացիական, մշակութային, մարզական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ մարզերու մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իշխանութեան երեք պետերը շնորհաւորեցին անկախութեան 69-ամեակին առիթով:

 

 

Նախորդը

Հռոմի Մէջ Նախագահ Սլէյման – Ռայի Պատրիարք Հանդիպում

Յաջորդը

Պենետիկտոս Ժզ. Պապը Ընդունեց Նախագահ Սլէյմանը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.