Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ազրպէյճանի Թիւ Մէկ Թշնամիին Յառաջխաղացքը

November 20, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Ալիեւի նորագոյն յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով քաղաքական անհեթեթութեան հերթական նմուշ կարելի է համարել: Սակայն պէտք է փորձել յայտարարութեան շարժառիթը տեսնել` հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան գործընթացի ժամանակի ներկայ տարածքին եւ այնտեղ կատարուած վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:

Նախ ամփոփենք յայտարարութեան բովանդակութեան հիմնական կէտերը:

Նախագահ Ալիեւի համար Ազրպէյճանի թիւ մէկ թշնամին հայկական լոպին է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ըստ ազրպէյճանցի ղեկավարին, արուեստական պետութիւն մըն է` հիմնուած հնադարեան ազրպէյճանական տարածքներու վրայ:

Ալիեւ շարունակած է քաղաքական «գիւտարարութիւն»-ը եւ այս անգամ հայկական լոպիին կողմէ դիտելով հարցը յայտարարած, որ Ազրպէյճանի համար հայկական լոպին թիւ մէկ թշնամին է` բացատրելու համար, թէ ինչո՞ւ Պաքուն թշնամի կը նկատէ հայկական լոպին: Թշնամանքը թշնամանքի արդիւնք է  «խաղաղասէր» Պաքուին համար:

Ապա, Ալիեւ անցած է դասակարգելու համար իր երկրի թիւ երկու թշնամին, որ իսլամոֆոպիան է, որով կլանուած են տարբեր պետութիւններ: Այստեղ իսլամոֆոպիայի զարգացումի ալիեւեան բացատրութիւնը այնքան էական չէ, որքան երեւոյթի նշումը իբրեւ երկրորդ թշնամի: Բայց այդ մասին քիչ ետք:

Շատ արագ,  ալիեւեան այս յայտարարութիւնը կը յուշէ համահնչեղութիւն մը Անգարայի տարբեր վարիչներուն կողմէ կրկնուող յանկերգին հետ` Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու, սակայն սփիւռքն է (իմա՛ հայկական լոպին) խանգարողը.կամ` ծայրայեղական սփիւռքի եւ չափաւորական Հայաստանի անտեղի բնութագրումներն ու որակաւորումները` ներհայկական ճեղքեր յառաջացնելու անարդիւնք քաղաքականութեան կիրարկումի փորձերով:

Այս պարագային, սակայն, աշխատած է այլ տրամաբանութիւն մը: Չմոռնանք, որ քաղաքական ի՛նչ տեսակի կարեւորութիւն ներկայացնող երեւոյթի եւ ժամանակի հանգամանքները ստիպած են Ալիեւը կատարելու նման յայտարարութիւն:

Խնդիրը շատ բնական կարգով կը կապուի պաշտօնական Մոնթեվիտէոյի առած քայլերուն: Պաքուի ղեկավարն ու իր խորհրդականները շատ լաւ գիտցած են, որ Ուրուկուէյը զուտ յայտարարողական հարթութենէն դուրս եկած է եւ իրօք քայլ առ քայլ կը պատրաստուի Արցախի իրաւական ճանաչումի առնչութեամբ պաշտօնական դիրք ճշդելու: Պաքուի բողոքի գիրերը եւս որեւէ ազդեցութիւն չեն գործած Մոնթեվիտէոյի վրայ, որ միեւնոյն հետեւողականութիւնն ու յայտարարուած յանձնառութիւնը ցոյց կու տայ Արցախի թղթածրարին նկատմամբ: Թէկուզ նուազ ազդեցիկութեամբ, այսուհանդերձ տագնապի մատնող քայլ էր նաեւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին ճանաչումը Արցախի Հանրապետութեան, որ շփոթահար վիճակի մէջ յայտնուիլ տուաւ Ալիեւի վարչակարգը:

Ուրուկուէյի արեւելեան հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու տան նախագահին այցելութիւնը Ստեփանակերտ ինքնին Պաքուն անճրկութեան մատնող քայլ է: Ճիշդ է, որ երկար ճամբայ կ՛ենթադրէ տակաւին, այսուհանդերձ առաջին քայլը առնուած է եւ դէպի իրաւական ճանաչումը քայլ առ քայլ կտրելիք ուղի է:

Հիմա, պէտք է զօրաշարժի ենթարկել ուրեմն ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը` թիրախ ընտրելով հայկական լոպին: Ալիեւի վարչախումբը նկատած է, որ ինչպէս Աւստրալիոյ եւ ամերիկեան որոշ նահանգներու, այնպէս ալ Ուրուկուէյի պարագային տեղւոյն շարժիչ գործօնները` Հայ դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են: Ուրեմն պէտք է թիւ մէկ թշնամի նախ յայտարարել ու ճանչնալ հայկական լոպին, մշուշապատել թշնամանքի բուն պատճառը` յայտարարելով, որ իրենց թշնամանքը` հայկական լոպիի կողմէ դաւանած թշնամանքի արդիւնք է պարզապէս եւ ապա յայտարարուած թիւ մէկ թշնամիին դէմ հաւաքագրել եւ զօրաշարժի ենթարկել անոնք, որոնք իսլամոֆոպիայի զոհ են: Կրօնական հանգամանքի այս իբրեւ թէ հեզասահ անցումը կատարելով` Ալիեւ կը խաղայ հայկական լոպիին դէմ իսլամական աշխարհը զինուորագրելու նպատակով հին մարտավարութեամբ նոր խաղը:

Ուրուկուէյի առած քայլերը հունէն հանած են նախագահ Ալիեւը: Այս կը նշանակէ, որ դիւանագիտական պատերազմ յայտարարող Ալիեւին համար հետզհետէ, քայլ առ քայլ  տեսանելի դառնալու ընթացքին մէջ է Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գործընթացը: Իսկ այս մէկը կը փաստէ արդէն Պաքուի վրայ արձանագրած յառաջխաղացքը հայկական լոպիին: Կամ` Ազրպէյճանի թիւ մէկ թշնամիին:

«Ա.»

 

Նախորդը

«Մեր Թշնամին Հայկական Լոպին Է» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Միացեալ նահագներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է հռչակաւոր երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.