Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Պարաղեմ Նապաթիէի: Սակայն իրենց կատարած երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին Պլու Սթարզէն:
Ռիատի Պէյրութ (ախոյեան) արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Լիբանանի բանակի հաւաքականը (3-0) եւ Մուժամաա Հարիրին (3-0):
Նշենք, որ Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 ակումբներ:


