Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամանակակից Կենցաղ. Մշակոյթ` Խոհանոցին Մէջ

November 19, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Տան մէջ եփելու եւ ճաշելու գերագոյն բարիքը կրթութիւնն է:

ԹՈՆԻՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՌԱՆՑՔՆ ԷՐ: ԱՒԵԼԻ ՈՒՇ` ՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆԸ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ ՄԸՆ ԷՐ, ՈՐ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ: ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՃԱՇԻ ՊԱՀԸ ՆԱԵՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԻ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹ ՄԸՆ ԷՐ: ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ԶԻՆՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ ՋՆՋԱԾ ԵՆ ՄԻԱՍԻՆ ՃԱՇԵԼՈՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐՈՒՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԲԱՐԴԱՆԱԼ ՊԱՏԱՆԻ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՆ ՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ: ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆ ՃԻ. ՄԸՐՖԻ ՏՈՆՈՎԱՆ, ՈՐ ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԳՈՐԾԸ ԱՇԽԱՏԱԾ Է ԽՈՀԱՆՈՑԻ ՄԸ ՄԷՋ, «ՆԻՒ ԻՆԿԼԻՇ ՌԻՎԻՈՒ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ԱՅՍ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՆ ՈՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԻՆ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԱԾ ԻՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՏԱՆ ՄԷՋ ՄԻԱՍԻՆ ՃԱՇԵԼԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է, Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ:

«Միակ իրական խոչընդոտը, որուն զարնուելով կարելի է իյնալ, ձախողութեան վախն է: Եփելու համար պէտք է որդեգրել անակնկալներու պատրաստ կեցուածք մը», ըսած է Ճուլիա Չայլտ (ամերիկացի հռչակաւոր խոհարար):

Արդի ընտանիքին եւ հաւանաբար ամբողջ քաղաքակրթութեան վտանգ կը սպառնան չորս բաներ. բջիջային հեռաձայնները, վիտէոյի խաղերը, համացանցը եւ ճանք ֆուտ ը: Կը թոյլատրենք առաջին երեքը, որովհետեւ աւելի աժան են, քան` սեփական վարժարանները,  դաստիարակներ եւ մանուկներու հոգատարներ վարձելը: Իրօք, վիտէոյի խաղերն ու կաճեթները ելեկտրոնային մակարդակի վրայ կը ստեղծեն հաղորդակցելու անկարողութեամբ յատկանշուած հոգեբանական խանգարումի վիճակ մը (ելեքթրոնիք օթիզմ), ուր ոչ ծնողներ, ոչ ալ զաւակներ կը խօսին իրարու հետ, մինչեւ որ մանուկները ինքնաշարժ քշելու չափ հասակ նետեն: Ճանք ֆուտի պարագային, վտանգը աւելի բարդ է. անիկա քիմիագիտութեան եւ մշակոյթի խառնուրդ մըն է: Յայտնապէս համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող կեդրոնները եւ աղքատ սննդականոնը միասնաբար սարքած են դաւադրութիւն մը` ծնունդ տալու գունդ ու կլոր, ծոյլ եւ կարճ կեդրոնացումով սերունդի մը:

Ուտելու Արարողութիւնը`
Ընկերային
Շաղախ

Մշակոյթը կը սկսի եւ վերջ կը գտնէ պնակին մէջ:

Մշակոյթը կը սկսի եւ վերջ կը գտնէ պնակին մէջ: Ի զուր չէ, որ յատկանշական իրադարձութեան մը կը յաջորդէ պատշաճ կերուխում. անիկա կեանքի նշան է, նոյնիսկ երբ պատուոյ հիւրեր չկան: Կ՛ուտենք` ապրելու համար եւ կ՛ապրինք` ուտելու համար: Կանուխ ժամանակներէն սկսեալ ուտելիքը իւրայատուկ դեր խաղացած է ընտանիքներու ոգեղէն եւ ֆիզիքական աճման մէջ, հետեւաբար նաեւ` աւելի լայն ընկերութեան: Նորածինը իր մօր կաթը խմելով` զգացական կապ մը կը հաստատէ անոր հետ: Ընտանիքներ ընկերային եւ զգացական կապ մը կը զգան, երբ միասին կը ճաշեն: Բարեկամներու նկատմամբ մեր հիւրասիրութիւնը կը սահմանենք` զանոնք հրաւիրելով հաց կիսելու կամ զովացուցիչ խմելու: Ափսոս է այս սովորութեան անհետացումը, որովհետեւ ուտելը կեդրոնական դեր կը խաղայ քաղաքավարութեան եւ քաղաքակրթութեան մէջ:

Այն օրէն, երբ ուտելիք կիսելու սովորութիւնը տարածուեցաւ ընտանիքի մը անմիջական սահմաններէն անդին, վստահաբար կազմուեցաւ գիւղը: Այն օրը, երբ ընտանիք մը արտադրեց յաւելեալ խոզուկ մը կամ հացի նկանակ մը, վստահաբար սկիզբ առին խոզապուխտն ու փուռերը: Գիւղերն ու շուկաները ընդարձակուեցան եւ դարձան մշակոյթի այն կեդրոնները, որոնք այսօր ծանօթ են մեզի իբրեւ` Աթէնք, Հռոմ, Փարիզ, Լոնտոն, ինչպէս նաեւ` առօրեայ իրական կեանքը պատկերող պատկերասփիւռի յայտագիրներու Ճըրսէյ Շոր շարքը:

Հին Յունաստանի մէջ համագումարը տան մէջ սարքուած խնճոյք մըն էր, ուր տանտէրը կը մատուցէր ուտելիք, զրոյցի նիւթեր եւ երբեմն ալ` ցիցի վրայ պարողներ: Հռոմէացիք եւս ունէին նմանօրինակ աւանդութիւններ: Նոյնիսկ մթին դարերուն հաւաքաբար ապրող ընկերութիւններ, ինչպէս` վանքերու մէջ միաբանութիւններ, միասին կը ճաշէին: Վարդապետներ եւ մայրապետներ կրնան ուխտել լուռ մնալ, դիմանալ աղքատութեան եւ վարել առաքինի կեանք, սակայն ճաշի պահուն անոնք կը մէկտեղուին` ուտելու համար: Հաւանաբար լռութիւնը, սեռային լարուածութիւնը եւ այլազան ընդեղէններու վրայ հիմնուած սննդականոնը գաղտնիքն են ներհայեցողութեան եւ կուսակրօնութեան:

Մինչ քաղաքակրթութիւնը սկսած է զարգանալ, ուտելու հանգրուանէն անցած ենք ճաշելու հանգրուան: Իրօք, ճաշելը հասարակաց կէտ մըն է հնադարեան աշխատաւորական համադաշնակցութիւններու եւ այսօրուան արդի ակումբներուն միջեւ: Ուտելու արարողութիւնը դարձած է տեսակ մը ընկերային շաղախ, ուր ճաշի սեղանը կը ծառայէ սննդառութենէն անդին բանի մը: Այսպէս, անիկա վերածուած է գրասեղանի, համագումարի սեղաններու եւ ի վերջոյ` ծովուն վրայ դահուկելու հաճոյքը պարգեւող տախտակներու (սըրֆ պորտ): Այն վայրերը, ուր մարդիկ կը նստէին ուտելու համար, կը մնան առանցքը ընտանիքի, առեւտուրի եւ քաղաքացիական ընկերութեան:

Ժամանակի ընթացքին խզուեցանք առաջինէն. վերոնշեալ երեքը ընդգրկող հաւասարութեան «ընտանիքի» գործօնէն:

«Յարմարաւէտութեան»
Մեղմաբանութիւնը

Ի գին խոհանոցի գոգնոցին` տաբատով բաճկոն կրելը պաշտպանելու Հիլըրի Քլինթընի ճիգը սառն պատգամ մը կ՛ուղղէր ծնողներուն:

Քանի մը տարի առաջ Հիլըրի Քլինթըն լոյս սփռեց յատկորոշ հայեցակէտի մը վրայ, երբ արհամարհանքով ըսաւ. «Թերեւս կրնայի տունը մնալ եւ կրկնեփուկներ պատրաստել»: Ի գին խոհանոցի գոգնոցին` տաբատով բաճկոն կրելը պաշտպանելու անոր ճիգը սառն պատգամ մը կ՛ուղղէր ծնողներուն ընդհանրապէս: Այսուհանդերձ, խոհանոցին ուղղուած այս ցաւալի փոխաբերութիւնը յատկանշական կերպով կ՛արտացոլէր տնային կեանքի առնչուող բոլոր բաներուն նկատմամբ արհամարհական կեցուածքները, մասնաւորաբար` ինչ կը վերաբերի մանուկներուն համար ճաշ եփելու եւ մանուկներուն հետ ճաշելու: Եթէ այսօր հարց տանք գործի իր ասպարէզը հետապնդելու մարմաջով համակուած ծնողի մը, թէ` «ի՞նչ կ՛եփէ տան մէջ», ան շատ հաւանաբար պիտի պատասխանէ` «ըսելիք չունիմ»:

Հեգնականը այն է, թէ տան մէջ ճաշելու այլընտրանքները մռայլ են: Անոնք երեք ձեւի են.«արածիլ», դուրս երթալ եւ բան մը ուտել, ճամբուն անկիւնը բան մը ուտել:

«Կ՛արածին» այն ընտանիքները, որոնց անդամները առանձին կը ճաշեն տան մէջ, ուր ճաշի պատրաստութիւնը, տեսակը եւ ժամը կարեւոր չեն: «Արածողները սովորաբար իրենց զաւակները կը կերակրեն ընտանի անասուններու պէս. պահանջի համաձայն, եւ` պահածոյ ուտելքներով: Տունէն դուրս ուտելու գացող բազմութիւնները կը փորձեն պահել ճաշելու արարողութիւնը, սակայն սովորաբար ճաշելու պահը տոպրակ մը տապկուած խորոտիկ կամ շերտ մը կաշիացած փիցցա ուտելու չափ կը տեւէ: Ճամբուն անկիւնը բան մը ուտող ընտանիքները առանց մտածելու կ՛ուղղուին դէպի թաղին ծայրը, ճաշարանի ցանցի մը ամէնէն մօտիկ ճիւղը, ուր ճաշացուցակը անխուսափելիօրէն կը բաղկանայ շաքարի, աղի, ճարպի եւ բնածխաջրատներու (քարպոհայտրէյթ) խառնուրդէ մը:

Ամէն պարագայի` ինքնին ճաշելու արարողութիւնը հիմնական իրադարձութիւնը չէ ֆասթ ֆուտ սպասարկող ճաշարաններու մէջ: Մանուկներու համար ճանք ֆուտի ճաշարաններու գրաւչութեան մաս կը կազմեն անոնց խաղավայրերն ու ծպտուած հտպիտները կամ` ամէնուրեք ներկայ ծամոնի գնդիկներ «ածող» մեքենաները: Իրօք, այս վերջինները անոնց ճաշացուցակներուն մաս կազմող ամէնէն առողջապահական ուտելիքներն են: Ճանք ֆուտի սպառումը կ՛ամբողջանայ հանրային վարժարաններու մէջ. ծնողներ պէտք է ընդունին, թէ տան մէջ պիտի չկերակրեն իրենց զաւակները եւ անոնց հետ բնական ուտելիքով լեցուն ճաշաման մը պիտի չուղարկեն դպրոց:

Թերեւս պատճառը 1960-ական տարիներու ընկերային եռեւեփումներն էին, կամ` կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խուլ արձագանգը: Այսուհանդերձ, բազմաթիւ տղամարդիկ եւ մասնաւորաբար` կիներ ընտանիքը եւ խոհանոցը կը նկատեն տեսակ մը ստրկութիւն: Ծնողական պարտականութիւնը վերածուած է փականագործութեան. մարդիկ ծնունդ կու տան երկու զաւակներու, ապա կը շարունակեն իրենց կեանքը: Տունէն դուրս ճաշելն ու ընթրելը դարձած են կեանքի ձեւ: Ճանք ֆուտի ամբողջ ճարտարարուեստ մը հասունցած է յարմարաւէտութեան պահանջին համաձայն, որ անձնասիրութեան արդի ժամանակներու մեղմաբանութիւնն է: Չափահասներու պահանջները աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, քան` մանուկներուն կարիքները:

Հարուստ Եւ Աղքատ
Սննդականոնի
Տարբերութիւնը

Խաբկանք է այն գաղափարը, թէ աղքատ սննդականոնն ու ընկերային կեանքի բացակայութիւնը կապ չունին այն ախտաբանութեան հետ, որ կ՛առնչուի այսօրուան մանուկները պատուհասող տագնապներուն հետ:

Անկասկած որ սոնք (օպիս), անհետաքրքիր կամ ընդվզեցուցիչ պատանիներու երեւոյթին գիտական պատճառները բարդ են: Այսուհանդերձ, փորձառութիւններէ քաղուած տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած տրամաբանութիւնը տակաւին չէ բացառած միջավայրի ազդակները, ինչպէս` ծնողական անբաւարար հոգածութիւն եւ աղքատ սննդականոն: Իրօք, այս երկուքէն իւրաքանչիւրը նոյն կրկնեփուկին երկու կողմերն են: Խաբկանք է այն գաղափարը, թէ աղքատ սննդականոնն ու ընկերային կեանքի բացակայութիւնը կապ չունին այն ախտաբանութեան հետ, որ կ՛առնչուի այսօրուան մանուկները պատուհասող տագնապներուն հետ:

Սննդեղէնի արտադրութեան եւ վաճառքին վերաբերող գեղարուեստական գրականութեան մէջ սովորաբար գոյութիւն ունին երկու զոհեր. ճարտարարուեստ կամ պետութիւն: Ռէյչըլ Քարսըն, իսկ վերջերս Մարկրեթ Վիզըր եւ Մայքըլ Փոլըն յատկանշական ներդրում մը կատարած են ժողովրդականութիւն վայելող գրական այս սեռին զարգացումին մէջ: Դժբախտաբար քննադատներ հազուադէպօրէն անկեղծութեամբ պատասխանատու կը նկատեն առեւտրականներն ու ծնողները: Ինքնագոհացումը եւ սահմանափակ ուշադրութիւնը բոյն շինած են մեր տուներուն մէջ, մեր ուտելու սովորութիւններուն մէջ եւ` մանուկներուն նկատամամբ մեր ցուցաբերած հոգածութեան:

Թերեւս կրնանք թուել աւելի քան տասը պատճառներ` բացատրելու համար, թէ ինչո՛ւ չենք կրնար եփել մեր ընտանիքին համար կամ ճաշել մեր ընտանիքին հետ: Սակայն այս պատճառաբանութիւններէն ոչ մէկը նոյնքան համոզիչ է, որքան` տան մէջ ճաշելու տնտեսական, առողջապահական եւ կրթական տրամաբանական պատճառները:

Տան մէջ եփելու տնտեսական առաւելութիւններուն լաւագոյն օրինակը 10 քկ. ծանրութեամբ պարկ մը բրինձն է, որ կ՛արժէ 10 տոլար եւ կ՛ապահովէ 220 պնակ ճաշ, իւրաքանչիւրը` քանի մը դահեկանի: Կարելի է կէս քիլոկրամ հաւ գնել 1 տոլարի: Այս հաշուով` տան մէջ պատրաստուած 250 կրամ հաւով եւ բրինձով ճաշ մը կ՛արժէ կէս տոլար: Եթէ խաշենք հաւը, կ՛ունենանք ապուրի բաղկացուցիչ տարրերը: Բանջարեղէն մը աւելցնելով եւ իբրեւ անուշեղէն պտուղ գնելով` կ՛ունենանք 5 մասերէ բաղկացած ճաշ մը` նուազ քան 1 տոլարի:

Մեր կատուին կամ շունին կերը աւելի սուղ է: Ճանք ֆուտի ոչ մէկ ցանցի գիները կրնան մրցիլ տան մէջ եփուած ճաշին գինին հետ: Իսկ մեր տան խոհանոցը ինքնին յաւելեալ կշիռ մը ունի. մանուկները կը տեսնեն, թէ ինչպէս կ՛եփի ճաշը, կը մասնակցին պատրաստութեան եւ կը սորվին:

Լաւ սննդառութիւնը տան մէջ եփելու կենսաբանական նուէրն է: Ծրարուած ուտելիքներու, ֆասթ ֆուտի կամ դուրսի ճաշի բաղադրութեան հիմնական տարրերն են բարձր ջերմուժը, ճարպը, աղը, շաքարը, ինչպէս նաեւ` քիմիական այն բոլոր նիւթերը, որոնք կը ծառայեն սպասարկուած չուտուելիք ճաշը մարսելի դարձնելու: Ի տարբերութիւն, տան մէջ եփելը մեզի կ՛ընձեռէ ամբողջական հակակշիռ` մեր ընտանիքին սննդականոնին եւ սննդառական առողջութեան վրայ:

Կը տեսնէ՞ք հանրախանութներու մէջ վաճառուող շաբաթաթերթերուն կողքերուն վրայ պատկերուած գեղեցիկ եւ առողջ մարմինները: Քիչ մը քարոթին եւ բնաթել սպառելով` ձեր ընտանիքին անդամները կրնան ստանալ նոյն պատկերը:

Կրթելու Առիթ Մը

Ֆասթ Ֆուտի ճաշարաններու մէջ ճաշելու պահը տոպրակ մը տապկուած խորոտիկ կամ շերտ մը կաշիացած փիցցա ուտելու չափ կը տեւէ:

Տան մէջ եփելու եւ ճաշելու գերագոյն բարիքը կրթութիւնն է: Այո՛, կրթութիւնը: Եւ` ոչ միայն ուտելիքի եւ սննդառութեան վերաբերեալ, այլ նաեւ` երկինքի տակ ամէն ինչի: Ծնողները առաջին եւ գլխաւոր ուսուցիչներն են: Թերեւս դպրոց յաճախելը անհրաժեշտ է` վկայական մը կամ հաստատագիր մը ունենալու համար: Սակայն մանուկի մը կեանքին ճակատագրական կանուխ տարիներուն պատասխանատուները անոր ծնողներն են:

Սորվիլը գործընթաց մըն է, որ կը սկսի պահանջները բաժնելով կարիքներէն. այլ խօսքով` «ես»-էն անցնելու «քեզ»: Բոլոր մանուկները կարիքը ունին օգնութեան` կատարելու համար այս անցումը: Եւ այս պատճառով է, որ զանոնք կը կոչենք մանուկ: Տան մէջ սորվելու գործընթացը շատ պարզ  է. անիկա կրնայ ընդգրկել այցելութիւն մը` դէպի շուկայ, կէսօրէ ետք ժամ մը պարտէզին մէջ եւ օրական  մէկ կամ երկու անգամ միասին ճաշելու պահ մը:

Երբ մանուկները կը հասնին պատանեկութեան տարիքը, ծնողական դաստիարակութեան ազդեցութիւնը արդէն կը տկարանայ: Հետեւաբար, եթէ կանուխ տարիքի առիթները կորսնցնենք, վատնած կ՛ըլլանք մեր կեանքը եւ քանդած` մեր զաւակներուն կեանքը: Խոհանոցն ու ճաշի սեղանը առաջին եւ լաւագոյն դպրոցն են` կրթելու եւ ընկերային կեանքի պատրաստելու մեր զաւակները: Եթէ շատ զբաղած ենք եւ չենք կրնար կատարել այս պարտականութիւնը, պէտք է մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ բան աւելի կարեւոր է: Եթէ ծնողներ չեն կրնար պատասխանել այս հարցումին, ապա պէտք չէ զարմանան, երբ իրենց զաւակները օր մը կը վերածուին «վտանգուած» հրէշներու: «Վտանգուած» մանուկներ են այն մանչերն ու աղջիկները, որոնք զաւակներն են զիրենք իրենց բախտին ձգած եւ անտեղեակ ծնողներու:

Իւրաքանչիւր ծնող կ՛ենթադրէ, թէ մանուկ մը վարուիլ կը սորվի` լաւ օրինակներու հետեւողութեամբ: Սակայն քիչեր կը մտածեն, թէ նաեւ հաւանական է, որ մանուկները նաեւ կրեն ազդեցութիւնը տան մէջ իրենց դիմաց գտնուող վատ օրինակներուն:

Ելեկտրոնային գործիքներու չափազանցուած գործածութեան ընկերակցող հաղորդակցելու անկարողութեան եւ հոգեբանական խանգարումի վիճակին (ելեկտրոնիք օթիզմ) զուգահեռ ընթացող սոնքութեան (օպիսիթի), գերաշխուժութեան եւ կեդրոնացումի պակասի համաճարակները թերեւս այնքան ալ զուգադիպութիւն չեն, ոչ ալ` իրարու հետ անկապ երեւոյթներ են: Երբեմն ամէնէն ակներեւ լուծումը կը գտնենք մեր դիմաց պարզուած: Որքան դժուար է մեր զաւկին ըսել. «Անջատէ՛ սա գործիքը, կե՛ր հաւով ապուրդ եւ հոս նստէ՛, խօսէ՛ կամ մտիկ ըրէ՛, մինչեւ որ ըսեմ, թէ ազատ ես»: Երբ որակաւոր է սեղանին վրայ մատուցուած ճաշը եւ յստակ` ճաշի պահու վարուելակերպը, ապա ընտանեկան ճաշը կը դառնայ մարմինն ու հոգին սնուցող արարողութեան պահ մը:

Կրթութեան գործընթացը, ինչպէս Սոկրատ ըսած է աւելի քան երկու հազար տարի առաջ, պարզապէս երկխօսութիւն մըն է մէկէ աւելի քաղաքակիրթ անձերու միջեւ, որոնք կը խօսին ամօթալի բաներու մասին: Կ՛ենթադրենք, թէ գաղափարները վարակիչ կը դառնան սերտ մթնոլորտի մէջ, ինչպէս` ճաշի սեղանին շուրջ, ուր նստած անձերը կը ստանան լաւ սնունդ, հետեւաբար նաեւ լաւ կը դաստիարակուին:

Այո՛, շատ բան կախեալ է ճաշէն: Սակայն, ափսո՜ս, այս օրերուն խոհանոցը կը մնայ տան ամէնէն սուղ արժող եւ ամէնէն նուազ գործածուող սենեակը` որեւէ բնակարանի մը կամ յարկաբաժին մը մէջ: Յիշեցումի համար նշենք, թէ խոհանոցը սալարկուած այն սենեակն է, որուն մէջ կայ փուռ մը եւ հոն չկան տարբեր առարկաներ պարունակող դարակներ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Նոյեմբեր 1962)

Յաջորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Կարեւորագոյն Դասերը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.