Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Կարեւորագոյն Դասերը

November 19, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցին մէջ, տեսական եւ գործնական կանոնաւոր ծրագիրներու կողքին, շարունակ անակնկալներ կան: Աշակերտները հանդիպումներ կ՛ունենան անուանի արուեստագէտներու հետ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հանրային ձեռնարկներուն, հանդէս կու գան տրամաթիքական, մնջախաղային, տիկնիկային ներկայացումներով, կամ` ձայնասփիւռային բեմադրութիւններով, կը մասնակցին հարցազրոյցներու, ներկայ կը գտնուին «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի փորձերու կարեւոր հանգրուաններուն:

Այս տարի «Ն. Աղբալեան» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ բացուած է թատերական դպրոցի նոր դասարան: «Արեգ»-ի աշակերտները ի հարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նոյնանուն թատերախումբի ամէնամեայ ներկայացումներուն, որուն հիմնական կազմը կը համալրեն դպրոցը աւարտելէն ետք:

Շաբաթ, 10 նոյեմբերին «Արեգ» դպրոցի աւարտական դասարանի աշակերտները իրենց պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին «Վանայ ձայն», ուր ծանօթացան ձայնասփիւռի-կայանի ձայնագրման եւ ձայնասփռումի տաղաւարներուն, ձայնադարանի եւ խմբագրական բաժիններու աշխատանքներուն:

«Վանայ ձայն»-ի աշխատակից Թորգոմ Ջանան պատասխանեց աշակերտները հետաքրքրող հարցումներու: «Արեգ»-ի աշակերտները այցելեցին նաեւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, ուր տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բացատրութիւն տուաւ ցուցասրահի գործունէութեան մասին: Հայրենի արուեստագէտներ Գագիկ Ղազանճեանի եւ Լիլիթ Սողոմոնեանի գեղանկարչական աշխատանքները մեծ տպաւորութիւն գործեցին աշակերտներուն վրայ: Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի համոզմամբ, նմանատիպ ձեռնարկները կարեւորագոյն դասեր են, որոնք անջնջելի հետք կը ձգեն ապագայ արուեստագէտներուն հոգիներուն մէջ:

Համազգայինի «Լ. Շանթ» եւ «Ն. Աղբալեան» կեդրոններուն մէջ գործող «Արեգ» թատերական դպրոցը հայ թատերասէր աշակերտին տունն է, որուն դռները 2012-2013 տարեշրջանին համար տակաւին բաց են 7 – 14 տարեկաններուն համար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Ժամանակակից Կենցաղ. Մշակոյթ` Խոհանոցին Մէջ

Յաջորդը

Այնճարցի Գիւղատնտեսը Եսայի Հաւաթեան (Բ.

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.