Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի ուժանիւթի նախարար Մեժիտ Նամժուն, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:
Նամժու նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ անոր ցաւակցութիւնը` ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան առիթով: Ան նաեւ շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ նախագահ Սլէյմանի ջանքերը դրուատիքի արժանի են:
Նամժու նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ իր ստորագրելիք կարգ մը համաձայնագիրները, որոնց նպատակն է ընդարձակել երկկողմանի գործակցութեան շրջագիծը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները, որոնց շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նամժու նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց նաեւ Կազայի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած ընդարձակ բռնարարքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց պետական նախարար Ալի Քանսօ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Քազեմ Խէյր եւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու:


