Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Լիբանանի Քահանայից Յատուկ Դասընթացք

November 17, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Լիբանանի թեմի քահանայից յատուկ վերաորակաւորման դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ամէն ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ: Միաբան հայրերու կողմէ պիտի դասաւանդուին աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծէսին եւ քահանայից հովուական առաքելութեան առնչուած հարցեր:

Ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտուն դասընթացքին բացումը կատարելով` վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց այս նախաձեռնութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը ըսաւ. «Կ՛ապրինք մնայուն փոփոխութեան մէջ գտնուող աշխարհի մէջ: Մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքին մէջ եւս տեղի կ՛ունենան հիմնական փոփոխութիւններ: Յաճախ կը գտնուինք նոր իրականութիւններու ու կացութիւններու դէմ յանդիման, շրջապատուած ենք նոր մարտահրաւէրներով ու մտահոգութիւններով. այս բոլորին դիմաց եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ: Եկեղեցին ժողովուրդին տանողը հոգեւոր հովիւն է. հովիւը պէտք է ճանչնայ իր հօտը, անոր կարիքները ու սպասումները եւ համապատասխան կերպով մօտենայ իր ժողովուրդին ակնկալութիւններուն: Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը, թէ «Ես կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ անոնցմէ…»: Փոխադարձ ճանաչումը կենսական է»:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Հոգեւոր հովիւը ո՛չ միայն պէտք է ճանչնայ իր ժողովուրդը, այլ նաեւ դառնայ տիպար իր կեանքի վարքագիծով, իր ծառայութեան որակով: Եւ որպէսզի հոգեւոր հովիւին ծառայութիւնը ըլլայ աւելի ազդու ու արդիւնալից, անհրաժեշտ է, որ ան լայն ծանօթութիւն ունենայ ընդհանրապէս իր ժողովուրդին ու շրջապատին եւ յատկապէս իր առաքելութեան հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող հարցերուն ու տագնապներուն մասին»: Արամ Ա. կաթողիկոս ապա յայտնեց, թէ յիշեալ դասընթացքին նպատակը «ձեր ծանօթութեան թարմացումն է, ապա խորացումը: Այսօր, որեւէ մէկ կառոյցի պատկանող պատասխանատուներ կարիքը ունին վերաթարմացման, վերաորակաւորման: Ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջականօրէն կապ ունեցող հոգեւոր հովիւները կոչուած են աւելիով վերաթարմացնելու իրենց ծանօթութիւնն ու փորձառութիւնը իրենց առաքելութեան հրամայականներու լոյսին տակ», եզրակացուց վեհափառ հայրապետը:

Յայտնենք, որ կաթողիկոսը նաեւ թելադրեց թեմակալ առաջնորդներուն` նոյն ձեւով քահանայից յատուկ վերաորակաւորման դասընթացքներ կազմակերպել իրենց թեմերէն ներս:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ըխուաթ Խարայեպ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Համասի Ողբերգութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.