Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը սկսաւ երէկ, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի քանի մը ճակատումներ: Անոնք պիտի շարունակուին այսօր եւ վաղը:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ըխուաթ Խարայեպը:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 14:15-ին:
Բնականաբար, յաջորդական յաղթանակներու շնորհիւ կարելի է առաջնակարգ դիրքեր գրաւել եւ Բ. դասակարգ բարձրանալու յոյսեր ունենալ:
Ասկէ մեկնելով` իւրաքանչիւր մրցումի յաղթանակ արձանագրելը կը նկատուի անհրաժեշտ, որպէսզի տարեշրջանին աւարտին կարելի ըլլայ պատուաբեր արդիւնքով ներկայանալ:
Յաջողութիւն` ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին եւ անոր համակիրներուն:


