Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Համասի Ողբերգութիւնը

November 17, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Պաղեստինեան կազմակերպութիւնները` հակադարձելով նախորդ շաբաթ օր տեղի ունեցած իսրայէլեան յարձակումին, յայտնուեցան իսրայէլեան թակարդին մէջ: Արդարեւ, պաղեստինեան դիմադրութիւնը եւ մասնաւորաբար Համաս շարժումը ճակատումի մէջ ներքաշելով անոր հետ հաշուեյարդար տեսնելու նպատակով էր, որ  Իսրայէլ Կազայի մէջ թիրախներ հարուածեց:

Թէեւ Իսրայէլ որեւէ պատրուակ կրնար ծառայեցնել պատերազմ յայտարարելու համար:

Համաս իրեն հետ հաշուեյարդար տեսնելու նպատակին իրագործման կարելիութիւնը ոսկեայ սկիւտեղի վրայ շնորհեց Իսրայէլի, երբ իր երկարամեայ հովանաւորներէն հրաժարելով` փակեց Դամասկոսի մէջ իր գրասենեակը եւ անոր փոխարէն գրասենեակներ բացաւ Պոլսոյ եւ Տոհայի մէջ: Ճակատամարտի ընթացքին «ձի փոխել»-ը վտանգաւոր քայլ մըն է, մասնաւորաբար միջազգային քաղաքականութեան կրկէսին մէջ, ուր արկածախնդրական այդ քայլին դիմողը սուղ գին կը վճարէ, մանաւանդ երբ պետութիւն մը չէ, այլ խօսքով` գերիշխանութեան եւ միջազգային ճանաչման վահանէն զուրկ է. վկայ Կազայի մէջ տեղի ունեցող ներկայ իրադարձութիւնները, զորս Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ իրաւամբ «ողբերգական» կը կոչէ: Նկատի ունենալով, որ չկայ բանակ մը, որուն զինապահեստը անհատնում ըլլայ, Իսրայէլի հետ ճակատումի երկարաձգումը կրնայ շրջափակումի ենթակայ Կազայի մէջ ամրացած զինեալ կազմակերպութիւններուն համար ողբերգական հետեւանքներ ունենալ:

Պէտք է նշել, որ իսրայէլեան յարձակումը Համասի համար նոր հովանաւորներ Թուրքիոյ եւ Քաթարի համար քննութիւն մըն է, որուն մէջ դժուար թէ անոնք յաջող արդիւնք ձեռք բերեն, մանաւանդ որ Սուրիոյ մէջ Համասի հին հովանաւորներ Դամասկոսի եւ Թեհրանի հետ ճակատումով գերզբաղուած են: Յարձակումը քննութիւն մըն է նաեւ յետմուպարաքեան Եգիպտոսի համար:

Իսրայէլ այս գործողութեան որոշումը հաւանաբար տուաւ այն օրէն, երբ Համաս իր վաղեմի հովանաւորներէն հեռանալու քայլին դիմեց: Թել Աւիւի համար կը մնար միայն ճշդել գործողութեան թայմինկը: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի համար, ո՞ր ժամանակը կրնար աւելի յարմար ըլլալ, քան ներկայ պահը` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն ետք եւ Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ երկարող կարճ ժամանակահատուածը:

Այստեղ անձնական եւ պետական շահերը միախառնուած են: Եթէ մահ ու կենացի ճակատամարտ մղող պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումները յաջողին իրապէս ցաւցնել Իսրայէլը, Նեթանիահուի անձնական շահերը կրնան այս պատերազմի զոհերէն ըլլալ, սակայն ինչ ալ պատահի` պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն ապագան յուսադրիչ ըլլալէ հեռու կը թուի:

 

 

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Լիբանանի Քահանայից Յատուկ Դասընթացք

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Աւստրիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.