Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութեան Հերքումը Ոճիրին Շարունակութիւնն Է» «Լը Ֆիկարօ»-ին Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

November 14, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը Հայաստանի կողմէ չէ պարտադրուած: Ֆրանսա հրապարակայնօրէն ճանչցած է այդ ոճրագործութիւնը, որուն հերքումը ոճիրին շարունակութիւնն է:

Ան յայտարարեց, որ կ՛ողջունէ իր ֆրանսացի գործընկեր Ֆրանսուա Հոլլանտի` Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծը դարձեալ քննարկման դնելու մտադրութիւնը: «Կը դժուարանամ ըսելու, թէ ինչ որոշում պիտի տրուի օրինագիծին վերաբերեալ: Կրնամ միայն ողջունել նախագահ Հոլլանտի յստակ դիրքորոշումը, որ ան արտայայտեց իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` իբրեւ պետութեան ղեկավար», ըսաւ Սերժ Սարգսեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ` Հայաստան կը զգուշանա՞յ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ մերձեցումէն, Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, թէ անշուշտ ո՛չ: Ըստ նախագահին, Հայաստանի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ վնաս հասցնելու նպատակ չի հետապնդեր: Ատիկա կ՛առաջնորդուի յստակ սկզբունքներով: Ան աւելցուց, որ Հայաստանը կը ցանկայ, որ Թուրքիան Ֆրանսայի եւ այլ եւրոպական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման շնորհիւ կարելիութիւն ունենայ ընդօրինակելու եւրոպական արժէքները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ յայտարարեց, որ ֆրանսացի նախագահները քաջութիւն ունեցան նայելու պատմութեան դէմքին: «Ես կը խնդրեմ նախագահ Հոլլանտէն թրքական իշխանութիւններուն պատմել, թէ ինչպէ՛ս ինք անձամբ դատապարտած է հրեաների արտաքսումը համակեդրոնացման ճամբարներ: Ատիկա կրնայ դաս ըլլալ Թուրքիոյ ղեկավարութեան», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Հարցազրոյցի ընթացքին նախագահ Սարգսեան նաեւ ըսաւ, թէ Հայաստան պիտի ընէ ամէն կարելին` Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման աջակցելու եւ հայկական համայնքի կենսունակութիւնը ապահովելու համար:

 

 

 

Նախորդը

Ուրուկուէյի Խորհրդարանի Նախագահը Լեռնային Ղարաբաղ Այցելեց

Յաջորդը

Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Կը Յայտարարէ. Թուրքիա Հայկական Հարցին Վերաբերեալ Ժապաւէններ Պիտի Նկարահանէ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.