Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Հոլլանտ Վերահաստատած Է Իր Յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդունման

November 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Ֆրանսա, ուր ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոնք հաստատած են, որ Հայաստանն ու Ֆրանսան բարձր կը գնահատեն երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները:

Այս տեղեկութիւնները փոխանցող «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի համաձայն,  Ֆրանսայի նախագահը հայաստանցի իր պաշտօնակիցին ի պատիւ կազմակերպած է ճաշի հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ գտնուած են ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ղեկավարներ: Ֆրանսայի նախագահը այս հաւաքոյթին ընթացքին վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման: Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ապահովել իրաւական հիմքեր` Սահմանադրական խորհուրդին մէջ օրինագիծի առկախումէն խուսափելու համար:

Երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Հոլլանտ յայտարարած է, որ իր երկիրը կ՛ուզէ  ընդարձակել Հայաստանի հետ մշակութային  յարաբերութեան շրջագիծը: «Մենք նաեւ կ՛ուզենք ամրապնդել տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը:

Իր կարգին, նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին եւ անձամբ իր անունով շնորհաւորած է Ֆրանսուա Հոլլանտը` Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Հայաստանի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր պաշտօնակիցին եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին` Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ դրսեւորած իրենց կեցուածքին համար, որ շատ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար: «Ֆրանսայի նախագահն էր կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դրա ժխտումը քրէականացնող օրինագծի ակունքներում», շեշտած է Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները նաեւ անդրադարձած են ղարաբաղեան տագնապին առնչուող հարցերու:

Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն պատրաստակամութիւնը` բանակցութիւնները շարունակելու ուղղութեամբ: «Ֆրանսա ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի բանակցութիւնները վերսկսին: Լուծումը պէտք է հիմնուի Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ»,  յայտնած է Հոլլանտ:

 

 

Նախորդը

«Ֆրանսա Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Կ՛աջակցի» Կ՛ըսէ Մոնիէ

Յաջորդը

Ակնարկ. (Ան)Ուղղակի Վտանգներ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.