Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ յայտարարած է, որ Ֆրանսա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, ջանքեր կը գործադրէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար:
Ան ընդգծած է, որ Ֆրանսա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ճամբով լուծման կ՛աջակցի:
Դեսպանը յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը շրջան պիտի այցելէ նոյեմբերի վերջաւորութեան:


