Կազմակերպութեամբ «Իքթիսատ ուալ Աամալ» տնտեսական կազմակերպութեան, յառաջիկայ հինգշաբթի, 15 նոյեմբերին, Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տնտեսական խորհրդաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին 300 անձնաւորութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն արաբական աշխարհն ու Թուրքիան:
Խորհրդաժողովին նպատակն է թրքական ընկերութիւններուն մէջ արաբական ներդրումներ ապահովել, ինչպէս նաեւ բարելաւել արաբական աշխարհին եւ Թուրքիոյ միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը:


