Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց ելեւմուտքի գործավար նախարար Ռայա Հասանին` գործակցելու պենզինի սակագիներու տագնապի լուծման համար: «Պէտք է մտածենք ու որդեգրենք պենզինը փոխարինող այլ վառելանիւթերու (կազ, մազութ…) օգտագործման կարելիութիւնը` արմատական լուծում մը բերելու համար պենզինի սակերու յաւելման տագնապին: Պասիլ դիտել տուաւ, որ կազով բանող ինքնաշարժները աւելի ապահով են եւ ոչ մէկ վտանգ կայ անոր գործածութեան գծով: Ան նաեւ նշեց, որ աշխարհի մէջ աւելի քան 12 միլիոն ինքնաշարժներ կազով կը բանին` պենզինի փոխարէն:


