Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Գնահատականը 2013-ի Պիւտճէին Գծով Բացասական Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

November 7, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծուիկ Մինասեան

Երէկ Ազգային ժողովի յանձնախումբերուն մէջ աւարտեցան 2013-ի պետական պիւտճէի քննարկումները:

Ամփոփելով քննարկումները, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ իր գնահատականը բացասական է, քննարկումներու վերաբերեալ` մասնակի բացասական: Ըստ անոր, թէեւ կային հարցեր, որոնց պարզաբանումը տրուեցաւ, բայց հիմնական, կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն վերաբերեալ լիարժէք եւ խորքային պատասխաններ չհնչեցին:

«Իսկ ասիկա կը նշանակէ, որ այս ընթացակարգին վրայ պէտք է որոշակի ճշգրտումներ մտցուին, որպէսզի թէ՛ կառավարութեան ներկայացուցիչները եւ թէ՛ պատգամաւորները յաջողին երկխօսութիւն ծաւալել այս քննարկումներուն ընթացքին, այլ ոչ թէ հարց հնչէ, իսկ պատասխանը այդպէս ալ չըլլայ: Յոյսով եմ, որ ծրագրային պիւտճէի հետագայ խորացումը պատճառ դառնայ, որ մենք ունենանք աւելի ամբողջական, լիարժէք պիւտճէ եւ անոր համապատասխան լուրջ քննարկումներ: Բայց ասիկա կը նշանակէ նաեւ, որ թէ՛ կառավարութեան ներկայացուցիչները, թէ՛ պատգամաւորները իրենք ալ պէտք է պատրաստ ըլլան հարցադրումներուն», նշեց դաշնակցական պատգամաւորը եւ ընդգծեց, որ քննարկումներու ընթացքը ցոյց տուաւ, որ կառավարութեան ներկայացուցիչներու մեծ մասը չի տիրապետեր այն պիւտճէն, որ ներկայացուած է:

Ըստ Մինասեանի, անոնց, ըստ էութեան, միայն թիւերը կը հետաքրքրեն, մինչդեռ խորքային խնդիր կայ` իւրաքանչիւր գումար ծախսելու պարագային պէտք է երեւնայ նաեւ որակական արդիւնքը: Նախկին պիւտճէէն պիւտճէի այս նախագիծը, ըստ  պատգամաւորին, չի տարբերիր, բացառութեամբ քանի մը ցուցանիշերու, որոնց մէկ մասն ալ ձեւական էր:

«Դժբախտաբար, այս պիւտճէն նորէն յետընթաց կ՛արձանագրէ անցեալին ձեռք բերուած մեր յաջողութիւններէն, հասարակութեան կենսամակարդակը այս պիւտճէով չէ աճած, եթէ չըսեմ, որ առանձին պարագաներուն նոյնիսկ անկում պիտի արձանագրէ: Տնտեսութեան աշխուժացման տեսակէտէն պիւտճէն չէզոք դերակատարութիւն ունի, այսինքն` չի նպաստեր մրցունակ ճիւղերու զարգացման, աւելի եւս չ՛ապահովեր Հայաստանի ընկերային-տնտեսական կեանքի առաջին մարտահրաւէրին` զբաղուածութեան խնդիրի լուծումը»:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ կրնա՞նք ենթադրել, որ Դաշնակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ 2013-ի պիւտճէին, Մինասեան նշեց, որ խմբակցութեան տրամադրուածութիւնը այս պահուն բացասական է, վերջնական որոշում տակաւին չկայ:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Մոռնինկսթարին Կոչ Կ՛ուղղէ Անպայման Ջուղայի Հայկական Գերեզմանատուն Այցելելու

Յաջորդը

Հայաստան Եւ Ռուսիա Կը Սերտացնեն Համագործակցութիւնը Պաշտպանական Արդիւնաբերութեան Մարզին Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.