Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մաղթեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ Սամեր Նայիմի ազատ արձակման ջանքերը աշխուժանան եւ կարելի ըլլայ Լիբանան անոնց տունդարձի ապահովումը:
Նախագահ Սլէյման գոհունակութիւն յայտնեց լիբանանցի լրագրող Ֆիտա Այթանիի ազատ արձակումին առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա սկիզբ մը ըլլայ ազատ արձակելու նաեւ լիբանանցի բոլոր առեւանգեալները:

Նախագահ Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատելի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի զարգացումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Իպրահիմ Նաժժար եւ Ճօ Սարգիս, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին նախագահ Սլէյմանի ջանքերուն, որոնք կը միտին ներկայ տագնապալի հանգրուանէն դուրս բերել երկիրը:


