Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայկական Գործօնը` Անգարայի Եւ Մոսկուայի Յարաբերակցութեամբ

November 1, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ յարակից ազգային կեդրոններու հրկիզումէն, ինչպէս նաեւ զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ հայերու առեւանգումէն ետք,  համատարած մտահոգութիւնը կեդրոնացաւ սուրիահայ գործօնի թիրախաւորուած ըլլալու հաւանականութեան վրայ: Այստեղ ոչ թէ այս կամ այն կողմը յստակ պատասխանատու նկատելու խնդիրն է, այլ նաեւ դէպքերը անպայման պատահականութեան չվերագրելն է եւ ընդհանուր իրավիճակին մէջ արձանագրուող պատահարներէն առանձնացնելը:

Անբնական չէր այս մտահոգութեան տարածումը, մանաւանդ որ Անգարան ոչ թէ սոսկ օժանդակողի, քաջալերողի եւ հովանաւորի կարգավիճակին մէջ է, այլ ուղղակի ներքաշուած է ներսուրիական պատերազմին:

Համակողմանի յայտարարութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ, նոյնիսկ արեւմտեան նշանաւոր մամուլի վերլուծաբաններ ուղղակի կը շեշտեն Սուրիոյ նկատմամբ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութեան ամլութեան մատնուած ըլլալը: Սահմանակից պետութիւններու հետ խնդիրները վերացնելու Անգարայի կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուած արտաքին քաղաքականութեան այս առաջնային օրակարգը, այս պահու դրութեամբ փաստօրէն տուած է ճիշդ հակառակ արդիւնքը: Դրացի Սուրիոյ հետ այսօրուան յարաբերութիւնները կը գտնուին թշնամական մակարդակի վրայ: Ոչ միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումի երեւոյթով: Տարածաշրջանին մէջ իր հեղինակութեան համար պայքար մղող Ռուսիոյ հետ օդանաւերու պարտադիր էջքերով սկսուած լարուածութիւնը նկատառելի աստիճանաչափ նուաճած է արդէն եւ փոխադարձ յայտարարութիւնները հատած են սպառնալիքներու սահմանը: Մոսկուան թուրք զինուորի Սուրիա մուտքը նկատած է համազօր անոր ռուսական տարածք մուտք գործելուն` պարզ դարձնելով, որ Մոսկուան չի  կրնար ձեռնածալ դիտել թրքական բանակային ջոկատներու ազատ գործունէութիւնը սուրիական տարածքին մէջ:

Միջազգային ընտանիքին կողմէ որոշելի արտաքին ռազմական միջամտութեան մինչ այժմ անտեսանելիութիւնը եւ անոր զուգահեռ երեւութապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու մօտալուտ ըլլալը, ստեղծած են արեւմտեան ուժերու վճռորոշ դերակատարութեան շուրջ մառախուղ մը:

Այս պայմաններուն մէջ հանգուցալուծումի ներկայ ճնշամիջոցները նեղցած են եւ կեդրոնացած Ռուսիա-Թուրքիա պարանաձգութեան վրայ: Պարզեցնելով հարցը` իշխանութեան պահպանումը ռուսական առաջադրանք, իշխանափոխութիւնը` թրքական նպատակ: Թուրքիոյ ագիլեսեան կրունկը այս պարագային իր դիմագրաւած ներքին խնդիրներն են, որոնք անմիջականօրէն կապուած են Սուրիոյ զարգացումներուն: Ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, որ նման խռովութիւններ չի դիմագրաւեր:

Անկախ քրտական շարժումներէն եւ ալեւիներու հետզհետէ զանգուածայնացած բողոքի ցոյցերէն, բարացուցական են Թուրքիոյ Հանրապետութեան նշումի օրուան հասարակական պոռթկումի դրսեւորումները, որոնք արժանացան իշխանութիւններու բիրտ հակազդեցութեան: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրուան նշումի ետին կանգնած իրականութիւններու վերլուծումն ու մեկնաբանութիւնները գրաւեցին միջազգային մամուլի եւ վերլուծաբաններու ուշադրութիւնը, որոնք Անգարայի հետագայ կարգավիճակին համար, նուազագոյն ըսելաոճով, փայլուն պատկերացումներ չունէին:

Թուրքիան ուրեմն միաժամանակ թէ՛ արտաքին մակարդակի վրայ եւ թէ՛ ներքին կը դիմագրաւէ շատ սուր խնդիրներ եւ ըստ երեւոյթին այս օրերուն կը նախընտրէ չյանկերգել իր յայտարարած արտաքին քաղաքականութիւնը ինքնաբնութագրող «Զերօ խնդիրներ» կարգախօսը:

Ժամանակի թաւալումը եւ յատկապէս աշխարհաքաղաքական գերտէրութիւններու անհամաձայնութիւնը սուրիական հանգուցալուծումի պատկերացումին շուրջ կը համոզեն, որ Սուրիան Արաբական գարնան» մէկ օղակը հանդիսանալու կարելիութենէն հեռու է այլեւս: Սուրիան փաստօրէն կ՛ընթանայ ա՛յլ ուղղութեամբ, քան այն ուղին, ուր իրար ետեւէ անցան Թունուզն ու Եգիպտոսը. կամ կրնան անցնիլ արաբական այլ երկիրներ տակաւին:

Սուրիահայութիւնը, հակառակ այս իրողութիւններուն, իր կրած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն, կը շարունակէ պաշտօնական յայտարարութիւններով թէ իրողապէս  գետնի վրայ հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերել, ներքաշուիլը մերժող դիրքերէ հանդէս գալ, քանդումի, աւերումի եւ քաղաքացիական ընդհարումներու ընտրանքը բացառել:

Սուրիոյ քիւրտերն ու քրիստոնեայ համայնքները այս ամբողջ թոհուբոհին կը գրաւեն տարբեր ուժերու ուշադրութիւնը: Ի տարբերութիւն այդ ազգաբնակչութիւններուն, հայութիւնը միակն է, որ ունի պետութիւն, որ կոչուած է մօտէն հետեւելու տեղւոյն համայնքի իրավիճակին, ապրած դժուարութիւններուն, դիմագրաւած խնդիրներուն եւ առհասարակ համայնքի հաւաքական անվտանգութեան հարցին: Խնդիրը չի վերաբերիր սոսկ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն դիւրութիւններ ընձեռելուն:

Մեր ակնկալելիքը Հայաստանի պետութենէն վստահաբար հաշուի կ՛առնէ Անգարային եւ Մոսկուային ներգրաւուածութեան չափն ու տարողութիւնը եւ Երեւան-Անգարա կամ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու այսօրուան պատկերը:

«Ա.»

Նախորդը

Սարգսեան Եւ Ահմատինեժատ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան. Հայաստան – Իրան Յարաբերութիւնները Կ՛ամրապնդուին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.