Պետական նախարար Փանոս Մանճեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը պիտի քննարկէ 7 նոյեմբերին:
Նախարար Մանճեան նշեց, որ կառավարութիւնը իր վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը խորհրդարան պիտի փոխանցէ, երբ զանոնք ֆինանսաւորելու աղբիւրներ ապահովէ:


