Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը ջնջած է վաղը կատարելիք իր գործադուլ-դասադուլը: Ան հաստատեց սակայն, որ խորհուրդը անշեղ կը մնայ իր պահանջներէն եւ գործադուլը ջնջելու իր որոշումը կառավարութեան հետ չէ համադրած:
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ խորհուրդին որոշած դասադուլ-գործադուլը առկախուեցաւ, որպէսզի կատարուելիք ցոյցը աւելի լաւ կազմակերպուի: Ան հաստատեց, որ այս գործադուլի յետաձգումին պատճառը երկրին վկայած ապահովական իրադարձութիւններն են:


