Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` Ատհայի տօնին առիթով: Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Լիբանան վերստանայ իր ապահովական կայունութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` կարտինալ ընտրուելուն առիթով:
Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը իր կարգին Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց Պըրրին:


