Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նահանգային Օրէնսդրականներու Ճանաչումի Ուղին

October 29, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ եւ Մասաչուսեց նահանգներու օրէնսդիր մարմիններէն ետք ահաւասիկ աւստրալիական մեծագոյն նահանգ՝ Նիւ Սաութ Ուէյլզի օրէնսդիր մարմինը եւս կը ճանչնայ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքն ու Արցախի անկախ հանրապետութիւնը։

Պարզ է, որ նահանգային մակարդակի վրայ արձանագրուող այս գործընթացները տեղւոյն պետութիւններուն կողմէ հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճանաչումի համազօր քաղաքական արարքներ չեն։ Բայց…Նահանգային օրէնսդիր մարմինները ի վերջոյ պետական կառոյցներ են եւ իբրեւ ինքնակառավարման մարմիններու բրգաձեւ համակարգի առաջնային տեղը գրաւող ատեաններ, խորքին մէջ ժողովուրդ-պետութիւն յարաբերութեան անմիջական օրինական օղակներն են։

Ուրեմն, պետութեան մէջ ուղղակի ներկայացուածութեան ժողովուրդի այս պատկերը խիստ կարեւոր է ոչ միայն բարոյական կամ խորհրդանշական առումներով, այլ նաեւ իրաւաքաղաքական։  Քաղաքական առումով տուեալ իշխանութիւնը անպայման հաշուի  կը նստի իր կարեւորագոյն նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն հետ. այլ խօսքով՝ տուեալ նահանգի ժողովուրդի կամարտայայտութեան հետ։ Այս մէկը կրնայ աւելի շեշտուիլ, երբ ընտրական հանգրուաններու յատուկ տրամաբանութիւնը յաւելեալ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ ժողովուրդի արտայայտած տեսակէտներուն վրայ։

Իրաւական մեկնաբանութիւնը կրնայ կեդրոնանալ հետեւեալ կէտին վրայ։ Նահանգային օրէնսդիր մարմիններու որոշում-բանաձեւերը, որքան ալ մեծամասնութիւն կազմեն, պարտադիր բնոյթ չունին կեդրոնական իշխանութիւններուն վրայ։ Այնպէս չէ, որ ինքնաբերաբար կ՛առաջնորդեն կեդրոնական որոշումի։ Բայց նահանգային օրէնսդիր մարմինները պետական մարմիններ ըլլալով բնականաբար չեն կրնար հակասել երկրի սահմանադրութեան, որ իր հերթին մշակուած կ՛ըլլայ միջազգային օրէնքի սահմանած նորմերու եւ օրինաչափութիւններու նկատառումներով։ Ահա այստեղ է, որ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը գերակայ նկատուած է միջազգային այլ օրէնքի՝ տարածքային ամբողջականութեան, որուն գերադասումը ամէն առիթի կ՛օգտագործուի պաշտօնական Պաքուի  կողմէ։

Ուրեմն տուեալ շրջանի ժողովուրդի ուղղակի ընտրութեամբ եւ ներկայացուածութեամբ կազմուած օրէնսդիր մարմինները կը շարժին համապատասխան իրենց երկիրներու սահմանադրութեան եւ միջազգային օրէնքին։

Հիմա գանք հայկական գործօնին հետ կապուած խնդիրներուն։ Այստեղ պարզ է, որ խօսքը տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբերու հետեւողական աշխատանքներուն մասին է։ Երեւոյթը կ՛ընդգծէ Հայ դատի հասկացողութեան ամբողջականութիւնը՝ համոզելու համար դիպաշարին հետեւողը, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի հայդատեան դասական ըմբռնումին առընթեր արդէն սկսած է արդիւնաւորուիլ Հայաստանի, Արցախի հանրապետութիւններուն դիմագրաւած ամենահրատապ օրակարգերու ուղղութեամբ հայկական ներուժի օգտագործումը։ Հայ դատի բազմաճակատ եւ համալիր աշխատանքները կարեւոր թիրախներու կը հասնին։ Այս նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմեն նաեւ տարբեր տարածաշրջաններէ Հայ դատի բարեկամ պետական զանազան անձնաւորութիւններու Արցախ այցելութեան կազմակերպումները եւ Արցախի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութիւնները։Անոնցմէ էր նաեւ Աւստրալիոյ պետական դէմքերու պատուիրակութեան այցելութիւնը Արցախ։

Երեւոյթները կը նախանշեն ուրեմն, որ պետական-հասարակական գործօններու համատեղ աշխատելաձեւը կը յանգի արդէն որոշակի արդիւնքներու։ Այս բոլորին վրայ անշուշտ պէտք է հաշուարկել քաղաքական պահու վճռորոշ ազդեցիկութեան խնդիրը՝ նախատեսելու համար ճանաչում-ճանաչումի դիմաց Քոսովօ-Աբխազիա կամ Քոսովօ-Հարաւային Օսեթիա մոտելի արցախեան տարբերակի առայժմ ոչ տեսանելի առարկայացումը, կամ ալ Սաֆարովի գործարքին եւ «հերոսացման» օրինակներով այլ դէպքերու կրկնութիւնը, որոնք միջազգային կարծիքը կրնան անվարան համոզել ազրպէյճանցիներուն եւ որեւէ ժողովուրդի անհամատեղելիութիւնը…։

Հնարաւորութիւնները պէտք չէ բացառել։ Յանկարծակի՝ կրնայ յայտնուիլ պետութիւն մը, որ նահանգայինէն անդին կեդրոնական իշխանութեան մակարդակով հանդէս գայ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման յայտարարութեամբ։ Կարեւորը պետական-հասարակական գործօններու համատեղումն է եւ հետեւողական աշխատանք տանիլը։

 

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Իրենց Հանդիպման Ընթացքին Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Վճռակամութիւն Յայտնեցին Շարունակելու Աշխատանքը` Խաղաղ Լուծման Հասնելու Համար

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 30 Հոկտեմբեր 1962 )

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.