Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 29 Հոկտեմբեր 1962 )

October 29, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Քուպայի Տագնապը

Երկու օր ամբողջ, երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի, մարդկութիւնը ապրեցաւ ընդհանուր պատերազմի մը մղձաւանջին ներքեւ: Աշխարհի մէկ ծագէն միւսը պատերազմի պաղ սարսուռը անցաւ բոլոր հոգիէն` մօտալուտ աղէտի մը նախատեսութեամբ: Նախորդ աշխարհամարտի նախօրեակը յիշեցնող ռազմաշունչ յայտարարութիւններու ժխորին մէջ, սակայն, լսուեցան աւելի մեղմ ձայներ, որոնք թախանձագին կը խնդրէին ժողովուրդներու ճակատագիրը վարող պատասխանատու ղեկավարներէն` վերջին խօսքը չտալ թնդանօթին, աւելի ճիշդը` ջերմակորիզային զէնքերուն:

Լսուեցա՞ն այդ ձայները, հաւանաբար` ոչ: Բայց իւրաքանչիւր ղեկավար, իր տալիք որոշման ծանր պատասխանատուութեան առջեւ, անպայման որ չափեց խորութիւնը այն վիհին, որուն մէջ պիտի իյնային բոլոր ժողովուրդները, եթէ անխուսափելին պատահէր չնախատեսուած միջադէպով մը, որքան ալ աննշան ըլլար այդ:

Առ այժմ պատերազմի վտանգը հեռացած կը թուի: Մ. Ազգերու Կազմակերպութիւնը, միակ վայրը, ուր տակաւին բոլոր կողմերը պատեհութիւն ունին լսելի դարձնելու իրենց ձայնը, այժմ ձեռք առած է հարցը, ու այնքան ատեն որ դիւանագիտական խօսակցութիւնները կը շարունակուին, կարելի է յուսալ, թէ ի վերջոյ իրաւախոհութիւն մը կը գոյանայ եւ Քուպայի առթիւ ստեղծուած տագնապը կը կորսնցնէ իր հրատապ հանգամանքը` դիւանագիտական լուծումներու առժամեայ կարգադրութիւններուն մէջ:

Մինչ այդ փորձենք հասկնալ իրերու վիճակը` առաւելագոյն առարկայականութեամբ մօտենալով դէպքերուն:

Քուպայի նաւային մասնակի պաշարումը հրահանգելով` Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր որոշումը հիմնեց այնպիսի պատճառաբանութիւններու վրայ, որոնք իրողական պատճառներէ կը ստանան իրենց ուժը: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր երկիր ազատ է ընտրելու իր դաշնակիցները, բայց այս սկզբունքը չի կրնար կիրարկուիլ միակողմանի կերպով: Եթէ այդ ազատութիւնը տրուէր բոլոր ժողովուրդներուն, յատկապէս` Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, ռուսական բանակներուն հետքն իսկ պիտի չմնար այդ երկիրներուն մէջ, որոնք Բ. Աշխարհամարտէն ետք ինկան խորհրդային լուծին տակ` կորսնցնելով անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան ամէն իրաւունք:

Իբրեւ արդիւնք այս կացութեան` Բ. Աշխարհամարտէն ետք ստեղծուեցաւ այնպիսի վիճակ մը, որ ո՛չ պատերազմ էր եւ ո՛չ ալ խաղաղութիւն: Զինեալ խաղաղութիւն մը, որ սպառազէն վիճակի մէջ կը պահէ միլիոնաւոր զինուորներ, Երկաթէ Վարագոյրին երկու կողմերը: Այս աչալուրջ հսկողութեան առընթեր, կողմերուն միջեւ գոյացաւ հաւասարակշռութիւն մը, որ թէեւ խախուտ, բայց ահաւասիկ տասնհինգ տարիէ ի վեր մարդկութեան կը խնայէ պատերազմի մը աղէտը:

Անցնող տասնհինգ տարիներուն ընթացքին, Խորհրդային Միութիւն եւ ազատ աշխարհ զանազան առիթներով փորձեցին այդ հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ իրենց խախտել: Բայց ամէն անգամ ալ նահանջեցին` լաւապէս ծանօթ այն սահմաններուն, որոնցմէ անդին պիտի չկրնային անցնիլ` առանց աշխարհը մխրճելու պատերազմի մը գիրկը:

Այսպէս պատահեցաւ 1948-ին, երբ ազատ աշխարհի վճռակամութեան առջեւ խորհրդայինները վերջ տուին Պերլինի պաշարման` ձախողելով հաւասարակշռութիւնը խախտելու իրենց առաջին փորձին մէջ:

1950-ին խորհրդային նոր փորձ մը տեղի ունեցաւ Քորէայի մէջ, ուր սակայն այս անգամ ամերիկացիներուն առիթ կը տրուէր, իրենց զինուորական յաջողութեան շնորհիւ, հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձ մը կատարել: Բայց Թրուման ճիշդ ժամանակին կեցուց իր բանակները, Եալու գետի ափերուն, մինչեւ իսկ զոհելով Մաք Արթըրի նման զօրավար մը:

1950-1956 աշխարհ անցուց քանի մը ուրիշ տագնապներ եւս, բայց Ժընեւի վեհաժողովը եկաւ մեղմելու մթնոլորտը:

1956-ին նոր տագնապ մը վերստին մթագնեց հորիզոնը: Հունգար ժողովուրդը ապստամբեցաւ խորհրդային տիրապետութեան դէմ եւ ակընդէտ կը սպասէր Միացեալ Նահանգներու օգնութեան` կարենալ թօթափելու համար ռուսական լուծը: Հաւասարակշռութիւնը խախտելու առիթ մը եւս կը տրուէր Ամերիկային, որ սակայն չառաւ վճռական քայլը` շատ լաւ գիտնալով, թէ որեւէ միջամտութիւն, պատերազմ պիտի նշանակէր, այնքան որ վճռական էր Քրեմլին` իր ազդեցութեան գօտիի սահմաններուն պաշտպանութեան մէջ:

1958-էն մինչեւ այսօր Խորհրդային Միութիւնը կը սպառնայ հաշտութեան դաշնագիր մը ստորագրել Արեւելեան Գերմանիոյ հետ` միաժամանակ խնդրոյ առարկայ դարձնելով Արեւմտեան Պերլինի գոյավիճակը: Բայց ամէն անգամ ալ կը նահանջէ` շատ լաւ գիտնալով, թէ Արեւմուտքին համար կենաց մահու խնդիր է Պերլինի գոյավիճակի պահպանումը:

Վերջին փորձը` հաւասարակշռութիւնը խախտելու, խորհրդայինները փորձեցին Քուպայի մէջ` օգտուելով Հաւանայի մէջ ստեղծուած նոր կարգերու տրամադրութիւններէն: Այս անգամ վտանգը շատ մօտ էր Մ. Նահանգներուն, այլ նաեւ` Հարաւային Ամերիկայի, որ ըստ Մընրոյի վարդապետութեան` միացեալ ամբողջութիւն մը կը կազմէ` «Ամերիկան` ամերիկացիներուն» նշանաբանով:

Ամերիկա երկար վարանումներէ ետք, անցած կիրակի տուաւ վճռական որոշում մը, պաշարման ենթարկելով Քուպան` արգիլելու համար այդ երկրին խորհրդային ռազմախարիսխի մը վերածումը: Մ. Նահանգներու այս վճռակամութեան առջեւ խորհրդայինները «չուզեցին կամ չհամարձակեցան» յառաջ երթալ, ինչպէս կ՛ըսեն քաղաքական դիտողները:

Քուպա ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր աշխարհը ցնցող տագնապներուն: Ամէն անգամ որ գոյացած հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձ մը տեղի ունենայ, նման տագնապներ պիտի պատահին, բայց այնքան ատեն որ մեծերը լրիւ կ՛ըմբռնեն պատերազմի մը բախտորոշ բնոյթը մարդկութեան համար, պիտի գիտնան վերջին վայրկեանին նահանջել` վերադառնալով իրենց մեկնակէտը:

Այս ռազմավարութիւնը սովորական դարձած է 1945-էն ի վեր ու պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ընդհանուր զինաթափութիւնը պարտադիր դառնայ բոլորին համար, եւ մեծ տէրութիւնները հրաժարին իրենց ծաւալողական նպատակներէն:

 

 

Նախորդը

«Գոհար»- ի Պուէնոս Այրէսի ելոյթը կարելի է դիտել ուղղակի, Կիրակի 28 Հոկտեմբեր 2012-ին, Պէյրութի ժամով, առաւօտեան ժամը 3։00-ին

Յաջորդը

Ճշմարտութեան Փնտռտուք. Թուիթըր, Ֆէյսպուք, Հին Եւ Նոր Լրատուամիջոցներ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.