Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Փոփոխութիւններ Կ՛առաջարկէ Կենսաթոշակներու Վերաբերող Օրէնքին Մէջ

October 24, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած էր` առաջարկելով փոփոխութիւններ կատարել կենսաթոշակներու մասին օրէնքին մէջ: Այս օրէնքին համաձայն, եթէ մարդը կը բացակայի հանրապետութենէն, վերադառնալէն ետք իրաւունք ունէր ստանալ իր վերջին երեք տարուան կենսաթոշակը ամբողջութեամբ: Սակայն կառավարութիւնը այս տարուան գարնան փոխեց դրոյթը եւ երեք տարին դարձուց մէկ տարի, ինչ որ մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց քաղաքացիներուն մօտ:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան պարզաբանեց,  որ խօսքը մօտաւորապէս տարեկան 5500-6000 մարդու կը վերաբերի: ՀՅԴ-ն փորձեց վերադարձնել նախկին դրոյթը, որպէսզի մարդոց վիճակը չվատթարանայ: Դժբախտաբար, կառավարութիւնը բացասական եզրակացութեան արժանացուց հարցը` երկու հիմնաւորումով` թէ իրենք քաղաքականութեան սկզբունքներ ունին եւ առաջնահերթութիւն կու տան Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիներուն: Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ ինք այսպիսի սկզբունք որեւէ տեղ չէ տեսած, բայց եթէ ատիկա սկզբունք է եւ արձանագրուած, ապա ինչո՞ւ այդ մէկ տարին ալ կու տան: Երկրորդ հիմնաւորումը այն է, որ 2012 թուականի  պիւտճէին մէջ այդպիսի գումարներ նախատեսուած չեն, 2013 թուականի ծրագիրին մէջ ալ նախատեսուած չեն: Վարդանեան ընդգծեց, որ ասիկա եւս լուրջ հիմնաւորում չէ, քանի որ օրէնքը փոխուեցաւ մարտ 2012-ին, այսինքն` այդ գումարները 2012 թուականի պիւտճէին մէջ եղած են, իսկ 2013 թուականին մասին հիմա կը խօսուի:

Ան յայտնեց, որ կառավարութեան բացասական եզրակացութենէն ետք Ազգային Ժողովի ընկերային հարցերու յանձնախումբին մէջ հարցը քննարկուած է, իսկ քուէարկութեան ժամանակ արձանագրուեցան երեք «դէմ», երեք «կողմ»: Հարցը պիտի մնայ Ազգային Ժողովի օրակարգին վրայ եւ յարմար առիթի պարագային պիտի  քննարկուի Ազգային Ժողովի լիագումար նիստին ընթացքին:

Միւս կողմէ, «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մասնակցութիւնը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն կախեալ է շարք մը հիմնախնդիրներու նկատմամբ վերաբերմունքէն եւ անոնց լուծումէն:

Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ դեկտեմբերին պիտի գումարուի կուսակցութեան արտակարգ Գերագոյն ժողովը, որուն ժամանակ ալ Դաշնակցութիւնը պիտի քննարկէ իր ընելիքները: Պիտի առաջադրէ՞ իր թեկնածուին, պիտի պաշտպանէ՞ որեւէ այլ թեկնածու, թէ՞ ընդհանրապէս պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն:

«Դաշնակցութեան մէջ կան տասնեակէ մը աւելի գործիչներ, որոնք կրնան առաջադրուիլ, սակայն մենք անձի խնդիր չէ, որ կը քննարկենք: Մեր մօտեցումը մենք կը փորձենք ձեւակերպել այն հիմնախնդիրներուն միջոցով, որոնք կանգնած են Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ: Առաջին խնդիրներէն մէկը ընտրական համակարգն է», ըսաւ Վարդանեան` յայտնելով, որ պէտք է անցում կատարել խորհրդարանական համակարգին, ուր գործադիրը հաշուետու պիտի ըլլայ  խորհրդարանին:

Ըստ Աղուան Վարդանեանի, անհրաժեշտ է նաեւ տարանջատել պիզնըսը եւ քաղաքականութիւնը, որոնք սերտաճած են: Դաշնակցական գործիչը սխալ կը նկատէ նաեւ մեծամասնական ընտրակարգը, որ «պիզնըսը ուղղակիօրէն կը բերէ քաղաքականութիւն»:

Վարդանեան աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ վերջաւորութեան պէտք է ունենանք բնականոն, կայուն ընդդիմութիւն եւ իշխանական համակարգ. իրենք պէտք է ըլլան նոյն համակարգի մարդիկ, որոնք պէտք է կատարեն տարբեր գործառոյթներ: Ըստ անոր, ընդդիմութեան պէտք է օրէնսդրօրէն տրուին այնպիսի լծակներ, որպէսզի անիկա կարենայ հակակշռել իշխանութիւնը:

Հաշուի առնելով նախկին տարիներու ընտրութիւններուն փորձառութիւնը` Ազգային ժողովի պատգամաւորը կը կանխատեսէ նախագահական թեժ ընտրութիւն:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա Կրկնապատկած Է Կովկասի Մէջ «Էս. 300» Հրթիռները. Մոսկուա Անթափանցելի Հակաօդային Պատ Մը Կառուցած Է Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Դիտարկումին Ընթացքին Զինադադարի Դրութիւնը Չխախտեցաւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.