Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ. «ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ, ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

April 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2011-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Մեսրոպեան վարժարանի առաջինէն մինչեւ աւարտական դասարաններու աշակերտները հաւաքուած էին վարժարանի շրջափակին մէջ` ոգեկոչելու ապրիլեան նահատակներու յիշատակը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի աշակերտուհի Ռուբինա Թովմասեան, որ ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութենէն 96 տարիներ ետք եկած ենք անգամ մը եւս հաստատելու մեր ուխտը` յարգել մեր 1.5 միլիոն նահատակները, պահանջել մեր 1.5 միլիոն նահատակներու արեան գինն ու արժանապատուութիւնը, վերադարձնել գրաւուած հողերը` Մուշը, Սասունն ու Վանը եւ, վերջապէս, կերտել ամբողջական հայրենիքը»: Այնուհետեւ, շարունակելով խօսքը, ան կոչ ուղղեց իր դասընկերներուն` շարունակելու երթը եւ դէմ յանդիման կանգնելու ամէն տեսակի դժուարութիւններուն դիմաց: Քանի որ մենք մեր նահատակներուն ժառանգորդներն ենք եւ իրաւունք չունինք պահ մը իսկ կանգ առնելու: «Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ Հայ դատի պայքարին մէջ ընելիք ունի, Հայ դատի զինուոր է: Ուրեմն, ժամանակն է միասնաբար սուգը վերածելու յաղթանակի, որ կը կերտուի հաւաքական ջանքերով եւ միասնակամ ճիգերով»:

Բացման խօսքին յաջորդեց վարժարանի մանկապարտէզի ուսուցչուհի Լիզա Սվաճեանի կատարումը: Ան երգեց հայրենասիրական թեմայով զոյգ երգեր:

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօսը` «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Աւօ Կիտանեանը, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց այն հանգամանքը, որ 96 տարիներ ետք ալ այս տեսակ հաւաքները կու գան փաստելու, որ մեր 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը անմեռ է, եւ որ ցուցահանդէսին (վարժարանի շրջափակին մէջ բացուած էր 4-րդէն մինչեւ 8-րդ դասարաններու աշակերտութեան «Վերածնունդ, վերականգնում» խորագիրով նկարչական գործերու ցուցահանդէսը) ներկայացուած գործերը դուրս ելած են աւանդական սեւ-ճերմակի սահմաններէն, եւ արդէն գոյները կը խօսին այն մասին, որ ապրիլ 24-ը սուգի օրէն վերածուած է վերածնունդի օրուան մը: Ա. Կիտանեան նաեւ անդրադարձաւ նորօրեայ սերունդներու կարեւորագոյն ընելիքներուն, որոնք յատկապէս պէտք են յաղթելու համար մէկ այլ` աւելի վտանգաւոր թշնամիի` ձուլումի, լուծուելու վտանգին: Նաեւ պատգամախօսը յորդորեց կարեւորութեամբ մօտենալ այն խնդիրին, որ պէտք է նաեւ վերածուի առօրեայ կարեւոր սկզբունքի մը, որն է` «ոչ» ըսել թրքական արտադրութիւններուն, պարզապէս չգնելով ատոնք:

Նախկին մեսրոպեանցի, օրուան պատգամախօսի խօսքին յաջորդեց երրորդ դասարանցի խումբ մը աշակերտներու` Սելին Ղազարեանի, Նայիրի Եթերեանի, Սառա Թեքիրեանի, Սինթիա Կեմիճեանի, Սթեֆանի Գույումճեանի եւ Լիւսի Ֆըստըգճեանի «Ապրիլեան նահատակ» արտասանութիւնը, որմէ ետք միջնակարգ բաժինի աշակերտուհիներէն Նայիրա Պաղտասարեան կատարեց «Արմինիըն գոզ» երգը` այսպիսով եզրափակելով ձեռնարկը:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտները ուշի-ուշով դիտեցին ցուցադրուած աշակերտական գործերը:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 

 

Պուրճ Համուտ, 19 ապրիլ 2011

Նախորդը

ԱՐՄԱՏԱԽԻ՞Լ ԿԱՂՆԻՍ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ՛ՈԳԵԿՈՉԵՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։