Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասատ Սուրիոյ Մէջ Ազգային Եւ Կրօնական Փոքրամասնութեանց Երաշխաւոր Կը Նկատուի» Կ՛ըսէ Լաւրով

October 23, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց երաշխաւոր կը նկատուի»: Ան ըսաւ, որ Ասատ «Սուրիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութեանց, ներառեալ` քրիստոնեաներուն ապահովութիւնը երաշխաւորող անձնաւորութիւն կը նկատուի, նոյնիսկ մեր արեւմուտքցի բարեկամներուն մեզի հետ դռնփակ հաղորդակցութեանց ընթացքին ամէնէն պահպանողական գնահատականին համաձայն:  Բնակչութեան ոչ նուազ քան մէկ երրորդը կը շարունակեն անոր աջակցիլ, որովհետեւ անձնաւորութիւն մըն է, որ կոչ ուղղեց, որ Սուրիա չվերածուի երկրի մը, ուր փոքրամասնութիւնները չեն կրնար ապրիլ»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «դուրսէն պարտադրուած դեղատոմսեր երբեք չեն կրնար իրագործել տեւական արդիւնքներ, որոնք կրնան շարունակուիլ»` աւելցնելով, որ «այդպիսի արդիւնքներու կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեան ճամբով»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի օգնականը յայտարարեց, որ «մօտ օրէն սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ սուրիական երկխօսութիւն մը պիտի տեսնենք»:

Մինչ Լաւրով յայտնեց, որ «Ռուսիա Ատհայի տօնին օրերուն Սուրիոյ մէջ զինադադարի կողքին կը կանգնի», Արաբական լիկան յայտարարեց, որ Ատհայի տօնին ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման յոյսերը տկար են:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ քննարկած է «Սուրիոյ տագնապին զարգացումները»:

Թագաւորը վերահաստատած է Սուրիոյ միութիւնը պահպանող քաղաքական լուծումի մը ձեռքբերման զօրակցող Յորդանանի կեցուածքը: Թագաւորը նաեւ սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական տարատեսակ օժանդակութիւններ տրամադրելու Յորդանանի ջանքերուն ծաւալը ներկայացուցած է: Էշթըն այս ուղղութեամբ Յորդանանի ջանքերուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է:

Յորդանանեան «Ամուն» լրատուական անկախ գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիայէն եկած զինեալներու եւ յորդանանեան սահմանապահ ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած է բախում մը, որուն ընթացքին յորդանանեան բանակէն զինուոր մը սպաննուած է:

Իրաքեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը յայտարարած է, որ համաձայն է իր մօտ գտնուող իրաքցի բոլոր ձերբակալեալները առանց նախապայմանի իրաքեան կողմին յանձնելու:

Իրաքի արդարադատութեան նախարարը ըսաւ, որ Մալիքիի կառավարութիւնը միջազգային համաձայնութեանց իրաքեան յանձնախումբը լիազօրած է սուրիական կողմին հետ այս հարցով համաձայնութիւն ստորագրելու:

Նշենք, որ Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը այսօր կ՛այցելէ Դամասկոս, ուր հանդիպում կ՛ունենայ Ասատի հետ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ «եթէ Սուրիոյ տագնապը շուտով չլուծուի, ապա շրջանային երկրաշարժի պիտի վերածուի»:

Նախորդը

Քաթարի Իշխանը Այսօր Կազա Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Մալաթիոյ Վենք Գիւղի Հայկական Եկեղեցին Կը Վերակառուցուի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.