Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանէն Ուղարկուած Մարդասիրական Օգնութիւնը Կը Բաժնուի Հալէպի Բնակչութեան

October 18, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական Կարմիր մահիկը սկսաւ Հալէպի բնակիչներուն բաժնել Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հալէպի նահանգապետ Մոհամետ Ուալիտ Աքատ նշած է, որ հայկական կողմի օգնութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու արտայայտութիւնն է: Ան Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնած է:

Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան իր կարգին յայտարարած է, որ այդ օգնութիւնը հաւաքուած է հայ ժողովուրդին կողմէ, որուն փորձութիւններու ծանր տարիներուն Սուրիան իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է:

Ըստ Հալէպի մէջ Կարմիր մահիկի բաժանմունքի տնօրէն Հայել Ասիի, օժանդակութիւնը, որ կը բաժնուի Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի համագործակցութեամբ, պիտի օգնէ այն ընտանիքներուն, որոնք մարտական գործողութիւններու պատճառով վնասներ կրած են:

Հայաստան Շուտով Երկրորդ
Օդանաւը
Պիտի Ուղարկէ Սուրիա

«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդումին ընթացքին ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ դէպի Սուրիա Հայաստանէն մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող օդանաւի վայրէջքը Էրզրումի մէջ եւ այնտեղ անոր ստուգումը թէեւ եղած է նախապէս պայմանաւորուած, սակայն հարցը կը շահարկուի:

Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ բեռին ստուգումով Թուրքիան երկու նպատակ կը հետապնդէր. ուժի ցուցադրում` զինուժի, հրշէջ մեքենաներու, դիմակներու եւ շուներու մասնակցութեամբ եւ` ցոյց տալ Ռուսիոյ, որ բոլոր օդանաւերն ալ ստուգման կ՛ենթարկուին, եւ Ռուսիայէն ուղեւորուած սուրիական օդանաւի հարկադիր վայրէջքը դիտաւորեալ չէր:

«Պարտադրանքով ոչինչ չէ եղած: Մենք զիջումներու պիտի դիմենք, որովհետեւ մեր գործը վէճը չէ, այլ բեռը տեղ հասցնելը: Անոնք կրնան պահանջել ստուգել որեւէ բեռ, որ կ՛անցնէր իրենց տարածքով, մանաւանդ որ Հայաստանը շրջափակուած է: Մենք յաջողած ենք այդ արգելքը ճեղքել: Նշեմ, սակայն, որ բեռը շատ մանրամասն ստուգուած է: Սովորաբար, օրինակի համար կը ստուգեն քանի մը տուփ եւ վերջ: Բայց այստեղ ստուգուած է ամբողջ բեռը` 14 թոնը», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան: Ան աւելցուց, որ կան ուրիշ ճամբաներ բեռը տեղ հասցնելու, բայց այս հանգրուանին այս ճամբան ընտրուած է: Բեռը այժմ կը գտնուի Հալէպի հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ: Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը շատ ծանր է, ինչ որ սակայն չի ներկայացուիր պատկերասփիւռով: «Մենք բնականաբար չենք կրնար քաղաքացիական նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ օգնել Սուրիոյ ամբողջ չքաւորներուն: Մենք սակայն միայն հայկական համայնքին չէ, որ կ՛օգնենք: Ասիկա ամէնէն կարիքաւորներուն ուղղուած է», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Ան նշեց, որ ինչպէս որ սփիւռքը որեւէ հարցին մէջ կ՛օգնէ Հայաստանին, այնպէս ալ պէտք է հայրենիքը սփիւռքին օգնէ: Իսկ օգնութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական: Ան յայտնեց, որ կան տակաւին շատ մեծահարուստ գործարարներ, որոնց չէ դիմուած, եւ ռուսահայութիւնը տակաւին նոր կը սկսի արձագանգել: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, կան շատ խոստումներ, որոնք տակաւին պէտք է իրականանան: Ան աւելցուց, որ եթէ տագնապը աւարտի, չի նշանակեր, որ ամէն ինչ պիտի հանդարտի:

Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ շատ շուտով պիտի մեկնի սննդամթերքով բեռնուած երկրորդ օդանաւը:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Գրասենեակը Ո՛Չ Պարաք Օրամային, Ո՛Չ Ալ Միթ Ռոմնիին Պիտի Սատարէ

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 19 Հոկտեմբեր 1962 )

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.