Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուայի մէջ գտնուող Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան հանդիպում ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ:
Հանդիպման յաջորդեց «Հայաստանի Հանրապետութեան գործունէութիւնը ՀԱՊԿ-ի շրջագիծին մէջ» խորագիրով «կլոր սեղանին» նիստը:
Պորտիւժայի հետ հանդիպումէն, ինչպէս նաեւ «կլոր սեղանի» նիստէն ետք ստորագրուեցաւ արձանագրութիւն մը, որուն մէջ տեղ գտան ձեռք բերուած շարք մը համաձայնութիւններ:
Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ Իվանովի հետ Արթուր Բաղդասարեանի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, մասնաւորաբար` քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան ներկայ վիճակի եւ հետագայ խորացման հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը երէկ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ: Անոնց դռնփակ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու Անվտանգութեան խորհուրդներու ներկայացուցիչներու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Մասնակիցները միտքեր փոխանակեցին ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային ապահովութեան առնչուող հարցերուն շուրջ:
Բաղդասարեան եւ Փաթրուշեւը բանակցութիւններէն ետք ստորագրեցին արձանագրութիւն մը, որուն մէջ ամրագրուած են ձեռք բերուած երկկողմանի համաձայնութիւնները:


