Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթավերջին արտասանած իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խնայելու Լիբանանը եւ լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ խնայելու Սուրիան եւ սուրիացի ժողովուրդը:
«Վերջ տուէք սուրիական ընդդիմութիւնը ֆինանսաւորելու եւ զայն զինելու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ վերջ տուէք Թուրքիայէն Սուրիա մուտք գործող զինեալ խմբաւորումներու աշխատանքներուն, որովհետեւ այդպիսով դուք Լիբանանը միջամուխ դարձուցած կ՛ըլլաք Սուրիոյ տագնապին: Պէտք է վերջ տալ նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող զինեալներու պահպանումին եւ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին, որովհետեւ այսպիսի արկածախնդրութիւններ Լիբանանին եւ շրջանին վրայ ժխտական ու վտանգաւոր ազդեցութիւններ պիտի ունենան», ըսաւ շէյխ Քասեմ:
Մուսթաքպալի Երեսփոխանները
Կը Պատասխանեն
Շէյխ Նայիմ Քասեմի կատարած այս յայտարարութիւններուն իբրեւ հետեւանք Մուսթաքպալ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխանները երէկ հանդիպում մը ունեցան երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ, ուր անոնք յայտարարեցին, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը Սուրիոյ տագնապին միջամուխ չի դառնար:
Հանդիպումէն ետք Մուսթաքպալի երեսփոխաններուն անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, որ շեշտեց, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը երբեք չի միջամտեր սուրիական տագնապին, ընդհակառակն` իրենք պահանջած են լիբանանեան բանակին դիրքաւորումը` հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանային շրջանին մէջ, իսկ կառավարութիւնը եւ Հըզպալլան են, որոնք մերժած են այդ պահանջը:
Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա դէպի Իսրայէլ ղրկած առանց օդաչուի հետախուզական օդանաւին բեմականացումը կատարած է, որպէսզի տեղեկատուութեան ուղղութիւնը շեղէ այլ հարցերէ, յատկապէս այն իրականութենէն, որ Հըզպալլայի մարտիկներն են, որոնք կը մասնակցին Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բախումներուն եւ Հըզպալլան է, որ Լիբանանը միջամուխ դարձուցած կ՛ըլլայ Սուրիոյ տագնապին:
Ֆաթֆաթ հաստատեց, որ շէյխ Քասեմի կատարած յայտարարութիւնները սուտ են` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը երբեք չի միջամտեր սուրիական ներքին հարցերուն: «Մեր կեցուածքները յստակ են եւ կապուած են հիմնական երեք իրականութիւններու հետ. քաղաքական զօրակցութիւն, տեղեկատուական զօրակցութիւն եւ մարդասիրական օժանդակութիւն», ըսաւ Ֆաթֆաթ:
Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը, որովհետեւ անիկա ազգային հաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ:
Անդրադառնալով Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնելու հաւանականութեան` Ֆաթֆաթ ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու այդ բաժանումները` աւելցնելով, որ այս իմաստով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտնած է իր համաձայնութիւնը` փոքր ընտրաշրջաններուն մասին:


