
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ դրուատեց առանց օդաչուի օդանաւ մը Իսրայէլ ուղարկելու Հըզպալլայի նուաճումը` աւելցնելով սակայն, որ այդ քայլին դիմելով Հըզպալլա Լիբանանը կը վերածէ զինուորական գործողութիւններու թիրախի մը:
Սինիորա հաստատեց, որ նման արարք մը Հըզպալլայի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը խախտող քայլ մը կը նկատուի:
«Սէյիտ Նասրալլա ինքնագլուխ կը շարժի եւ պատերազմի կամ խաղաղութեան որոշումը ինք կը ստանձնէ` առանց հարցնելու լիբանանեան իշխանութիւններուն ու լիբանանցիներուն կարծիքը եւ նման պատերազմի մը մասնակցելու անոնց պատրաստակամութիւնը», ըսաւ ան:
Սինիորա նշեց, որ Դիմադրութեան կողմէ կատարուած նման արարք մը պատերազմ յայտարարելու համազօր է` աւելցնելով, որ այդ օդանաւը ուղարկելու որոշումը իրանեան է:
Ան շեշտեց, որ այդ արարքը Լիբանանը վերածած է զինուորական տարբեր պատգամներ փոխանակելու հրթիռային մարտկոցի:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:
Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


