Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի եւ անոր հետեւորդներուն կազմակերպութեամբ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ սուրիացի ժողովուրդին զօրակցութեան ցոյց մը:
Ցոյցին ընթացքին շէյխ Ասիր խստիւ դատապարտեց Հըզպալլան, յատկապէս դէպի Իսրայէլ առանց օդաչուի օդանաւին ուղարկումին լոյսին տակ: Ան շեշտեց, որ այդ օդանաւը կ՛օժանդակէ Հըզպալլայի համակիրները յուսալքումէ դուրս բերելու, «սակայն մենք կը մերժենք նման արկածախնդրութիւններ, որոնք կը քանդեն Լիբանանը», աւելցուց ան:
Ասիր շեշտեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մեղսակիցն է` Սուրիոյ մէջ սիւննի համայնքի զաւակները սպաննելու առումով:
Այս շրջագիծին մէջ, Ասիր հարց տուաւ, որ արդեօք սիւննիները սպաննելո՞վ է, որ Հըզպալլա ժիհատ կատարած կ՛ըլլայ:
Ան կոչ ուղղեց շիի կրօնաւորներուն Լիբանանը փրկելու սէյիտ Նասրալլայէն, որ Ասատի մեղսակիցն է:
Շէյխ Ասիր ընդգծեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ յարանուանական պատերազմ բռնկի, ապա անոր պատասխանատուն պէտք է նկատել իրանեան պիղծ ծրագիրը:


