Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարգաւաճ Հայաստանի Պատգամաւորները Պատրաստ Են Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Մէջ Իրենց Տեղը Օսկանեանին Զիջելու

October 10, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւորներ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ  Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներ Նայիրա Զոհրապեան եւ Վահէ Յովհաննիսեան պատրաստակամութիւն յայտնած են պատուիրակութեան մէջ իրենց տեղը զիջելու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանին` «հասկնալով, որ Խորհրդարանական վեհաժողովի պատգամաւոր ըլլալը Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկրի պատգամաւորը  կ՛օժտէ լրացուցիչ որոշ անձեռնմխելիութեամբ»:

Իրենց տարածած յայտարարութեան մէջ երկու խորհրդարանականները կը յայտնեն, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բազմաթիւ պատգամաւորներ եւ ղեկավար կազմի անդամներ լրջօրէն մտահոգուած են Վարդան Օսկանեանի գործով եւ իրենց հետ հանդիպումներուն անվերապահ աջակցութիւն յայտնած են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ Օսկանեանին: Ըստ անոնց` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բոլոր քաղաքական խումբերուն եւ ազգային պատուիրակութիւններուն տրամադրուած է համապատասխան ծրար, անոնք տեղեակ պահուած են գործի մանրամասնութիւններուն որոնց, ի դէպ, վերջիններս արդէն իսկ որոշակիօրէն տեղեկացուած էին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած իրենց դեսպաններէն»:

Բարգաւաճ Հայաստանի պատգամաւորները նաեւ ստացած են լրջագոյն երաշխիքներ այն մասին, որ այս գործը Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ուշադրութեան կեդրոնին է: Զոհրապեանէն եւ Յովհաննիսեանէն, իրենց իսկ վկայութեամբ, խնդրած են Օսկանեանի գործին հետ կապուած իւրաքանչիւր զարգացման պարագայի գործնական կերպով տեղեկացնել վեհաժողովին` խոստանալով նոյնքան գործնական արձագանգ:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Նախագահի Թեկնածուին Հարցը Պիտի Լուծէ Գերագոյն Արտակարգ Ժողովի Ժամանակ

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 11 Հոկտեմբեր 1962 )

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.