Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փերուի Վեհաժողովին Նախագահ Սլէյման Շեշտեց Միջին Արեւելքի Մէջ Ամբողջական Եւ Արդար Խաղաղութիւն Հաստատելու Կարեւորութիւնը

October 3, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Ապտալլա Բ. թագաւոր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ մասնակցեցաւ Հարաւային Ամերիկայի գործատէրերու վեհաժողովին` գլխաւորելով արաբ գործատէրերու խմբաւորումը:

Վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման զգուշացուց Միջին Արեւելքի ապահովական անկայուն իրավիճակէն` աւելցնելով, որ կարելի չէ առանց ամբողջական եւ արդար խաղաղութեան կայունութիւն հաստատել:

Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի գործած մարդկային իրաւունքներու խախտումները, բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ անոր մնայուն ոտնձգութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց նաեւ առաջարկ մը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի կատարուի օրէնսդրական աշխատանք մը` մշակելու համար մարգարէները եւ կրօնները վարկաբեկող արարքները արգիլող միջազգային բանաձեւ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ յարգել բոլոր կրօնները, հաւատալիքները, սուրբերն ու մարգարէները:

Վեհաժողովէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կոչուեցաւ Լիմայի յայտարարութիւն:

Յայտարարութիւնը կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն եւ արիւնահեղութեան վերջ տալու:

Պէտք է նշել, որ վեհաժողովին ընթացքին ակներեւ էր Քաթարի իշխանին եւ Եգիպտոսի նախագահին բացակայութիւնը, հակառակ անոր որ անոնց մասնակցութիւնը հաստատուած էր, սակայն մետասաներորդ պահուն ջնջուած, անակնկալ այլ աշխատանքներու պատճառով:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Փերուի լիբանանեան գաղութին ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայութեան ան շեշտեց արտերկրի լիբանանցիներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց անոնց իրենց անունները արձանագրելու լիբանանեան դեսպանատուներուն մէջ, որպէսզի անոնք ստանձնեն ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց իրաւունքը:

Նախագահ Սլէյման խոստացաւ, որ Լիբանանի մէջ միջադէպերու եւ իրարանցումի պատկերները չկրկնուին:

Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ 2008-էն ի վեր Լիբանան կը վկայէ տնտեսական բացառիկ աճ մը, որ սակայն անկում արձանագրած է շրջանին մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով:

«Լիբանան կրցաւ տոկալ տնտեսական փոթորիկներուն` իր դրամատնային բացառիկ դրութեան եւ ձեր` արտերկրի լիբանանցիներուդ ներդրումներուն շնորհիւ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան աւելցուց, որ մօտիկ ապագային Լիբանան պիտի սկսի նաեւ քարիւղի հանքերու պեղումներուն, որոնք երբ սկսին, Լիբանան կը հասնին մեծ թիւով ներդրումներ:

Նշենք, որ Փերուի մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-յորդանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը` հեռու բռնարարքներէ եւ արտաքին միջամտութիւններէ:

Նախագահ Սլէյման երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ Արժանթին, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Քրիստոնեայ Համայնքին Վարուելակերպին Նկատմամբ

Յաջորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաղը Պիտի Շարունակեն Քննարկել Ընտրական Օրինագիծերը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.