Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արաբական Երկիրներուն Մէջ Բռնկած Տագնապներուն Պատճառը Բազմազանութիւնը Չէ» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

October 2, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փերուի նախագահը կը դիմաւորէ նախագահ Սլէյմանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ նախագահեց Հարաւային Ամերիկայի գործատէրերու համագումարին մէջ արաբ գործատէրերու խմբաւորումի նիստին, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Փերուի նախագահ Օլլանթա Ումալա Թասոյի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Նշենք, որ արաբ եւ լատին ամերիկացի գործատէրերու նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ տնտեսական հարցերու, ինչպէս նաեւ արաբական եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան միջոցներուն:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց ազատականութեան, բացուելու քաղաքականութեան, ժողովրդավարութեան, ուրիշին իրաւունքները յարգելու, կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ այդ բոլորը կատարելու համար կարեւոր է յարգել երկրին եւ միջազգային օրէնքները, ինչպէս նաեւ ենթարկուիլ ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ միջամուխ չդառնալ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն եւ ժողովուրդներու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին:

Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ ի գործ դրուող ամէնօրեայ բռնարարքները արաբական աշխարհին մէջ:

Ան ըսաւ, որ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ բռնկած տագնապներուն պատճառը բազմազանութիւնը չէ: «Ընդհակառակն` բազմազանութիւնը հարստութիւն մըն է», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ այսօրուան վեհաժողովը ինքնին յստակ պատասխան մըն է կրօնները վարկաբեկելու փորձերուն:

Նախագահ Սլէյման իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ արաբական-լատինամերիկեան տնտեսական վեհաժողովին, որ պիտի սկսի այսօր:

Վեհաժողովէն ետք նախագահ Սլէյման պիտի այցելէ նաեւ Արժանթին եւ Ուրուկուէյ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանեան գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Կը նախատեսուէր, որ նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունենար Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:

 

Նախորդը

Պըրրի Կը Մերժէ Փոքր Ընտրաշրջանները, Իսկ Արսլան` 1960-ի Օրէնքը

Յաջորդը

Աղաւնաձորի Մէջ Լրագրողներու 6-րդ Համահայկական Համաժողովը Տեղի Պիտի Ունենայ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.