Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Անգարայի մէջ գումարուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին, հաստատեց, որ թէեւ «Արաբական գարուն»-ը մտահոգիչ է եւ երկարատեւ, սակայն անիկա խոստմնալից հանգրուան մըն է:
Ժեմայէլ բարձր գնահատեց Թուրքիոյ յանձնառութիւնը` արաբական արդար դատերուն զօրակցութեան եւ շեշտեց, որ «Արաբական գարուն»-ը պէտք է հետեւի լիբանանեան ազգային գոյակցութեան եւ համերաշխութեան օրինակին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ փորձառութեան` կրօնը եւ աշխարհիկ կարգերը միախառնելու օրինակին:
Ժեմայէլ ընդգծեց Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն նախանձախնդրութիւնը Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհի փոփոխութեան նկատմամբ:


