Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 2 Հոկտեմբեր 1962 )

October 2, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Մահ` Վաստակաւոր
Մինաս Խաչատուրեանի

Աղեքսանդրիոյ Մուասսաթ հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր հին, հաւատաւոր, հարուստ անցեալով ընկերը` Մինաս Խաչատուրեան:

Հին պահակագունդին կը պատկանէր Մինասը, յեղափոխական հին սերունդին վերջամնացներէն: Անցեալին ունեցած է փայլուն գործունէութիւն, թէ՛ յեղափոխական եւ թէ՛ քաղաքական ու մշակութային գծով:

Եգիպտոսի մէջ, ուր եկած հաստատուած էր կանուխէն, նախ վարեց Խորասանճեան տան տնօրէնի պաշտօնը, ապա` նաեւ Աղեքսանդրիոյ  առաջնորդարանին դիւանապետութիւնը:

Հիմնադիրներէն էր «Համազգային» կրթական եւ հրատարակչական ընկերակցութեան: Երկար ատեն մնաց այս ընկերակցութեան գործօն անդամ:

Բծախնդիր ու բարեխիղճ էր մեր ընկերը: Իրեն յանձնուած որեւէ գործ կը վարէր ո՛չ թէ իբրեւ պաշտօնեայ, պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու համար, այլ` նուիրումով, իր ամբողջ կորովն ու եռանդը դնելով իրեն յանձնուած  գործին մէջ:

Իր հիւանդագին վիճակին բերումով` վերջին տարիներուն քաշուած էր գործօն կեանքէ, բայց միշտ կը հետաքրքրուէր ազգային- կուսակցական կեանքով:

«Ազդակ» խոր ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հանգուցեալ ընկերոջ պարագաներուն, իր աղջկան` Անահիտ Տէր Գալուստեանին:

Ռուբինա Քանատա Կ՛երթայ

Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ օր»ի մէջ կը կարդանք.

«Մօտ տասը օր Աթէնք մնալէ ետք, երէկ, 25 սեպտեմբեր, օդային գծով դէպի Քանատա մեկնեցաւ անզուգական Քրիստափորի գործակիցներէն եւ մեր մեծ ընկերներէն` անկախ Հայաստանի վարչապետ Հանգուցեալ Համօ Օհանջանեանի կեանքի ընկերը` Ռուբինա, իր զաւկին` Վիգէնի եւ հարսին ու իր քրոջը հետ:

Շաբաթ երեկոյ Ռուբինա, Նաթալիա Գ. Լազեան, ինչպէս նաեւ ընկերներու հետ այցելեցին Ֆիքսի նորակառոյց Յակոբեան վարժարանը:

Ապա ներկայ գտնուեցան Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի կազմակերպած հիւրասիրութեան, ուր ընկերներ Օննիկ Զաքարեան եւ Դանիէլ Դանիէլեան քանի մը խօսքով ներկայացնելով վաստակաւոր յեղափոխականուհին` երիտասարդութեան թելադրեցին հետեւիլ անոր օրինակին:

Ռուբինա ներկաներուն փափաքին վրայ խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց եւ թելադրեց ամուր փարիլ մեր ազգային սրբութիւններուն եւ պահել մեր ազգային գոյութիւնը:

Կիլիկիոյ Աթոռը Եւ Վատիկանի
Տիեզերական
Ժողովը

Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովի կարգադիր-յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Պէտ պաշտօնական գիրով, հրաւիրած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որպէսզի դէտով մը մասնակցի մօտալուտ ժողովի նստաշրջանին:

Կը կարծուի, թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատասխանը դրական պիտի ըլլայ եւ իր դէտը` դպրեվանքին տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան:

Հունգարահայագէտ Տոքթ. Օթօշուցի
Յայտարարութիւնները

Պուքրէշի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցած է հունգար հայագէտ տոքթ. Էտմոն Օթօ Շուցի հետ` Հունգարիոյ մէջ կատարուող հայագիտական աշխատանքներուն մասին, որուն շուրջ հետեւեալը յայտարարած է օտար հայագէտը. «Մեր լեզուաբանները եւ պատմաբանները յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայեն արեւելագիտութեան բնագաւառին մէջ կատարուող հետազօտութիւններուն, հետեւաբար նաեւ` հայագիտութեան: Ճիգ կը թափենք երիտասարդութեան շարքերէն հայագէտներ կազմելու ուղղութեամբ: Իբրեւ օրինակ` կրնամ յիշել երիտասարդ հետազօտող Փաուլ Սոլիմոշը, որ ներկայիս ուսումնասիրութիւններ կ՛ընէ Երեւանի մէջ եւ շուտով իր աւարտաճառը պիտի տայ` «Հռոմէացիներու եւ հայերու միջեւ տեղի ունեցած պատերազմներու դարաշրջանը» բնորոշող դէպքերուն վրայ: Փեշտայի համալսարանին մէջ կը դասաւանդեմ հայկական բանասիրութեան մասնագիտացման դասընթացքներ, որոնք նպատակ ունին պատրաստելու հայագիտութեան ապագայ որակեալ տարրեր:

Հայագիտութեան բնագաւառին մէջ իմ հետազօտութիւններս գլխաւորաբար կը կեդրոնանան հայ-ղփչախ հարցերուն վրայ: Հրատարակած եմ նաեւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կապ ունին հայ մշակոյթի պատմութեան, ինչպէս նաեւ այն պատմական ու լեզուական կապերուն հետ, որոնք գոյութիւն ունին հայ եւ հունգար ազգերուն միջեւ:

Նախորդը

Օգնել Եղբայրներին

Յաջորդը

Հարպոյեան Վարժարանի 2012-2013 Տարեշրջանի Առաջին Զանգը Հնչեց

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.