Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐԷ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼ 1 ՄԱՐՏԻ ԳՈՐԾՈՎ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

April 22, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդակցական հանդիպումի պահուն

Նախագահական պալատին մէջ դատաիրաւական բարեփոխումներու շուրջ նախանցեալ օր հրաւիրուած խորհրդակցութեան ժամանակ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ 1 մարտ 2008-ի դէպքերուն առիթով յարուցուած քրէական գործի ընթացքին:

«Բազմիցս ըսած եմ եւ հիմա ալ կը կրկնեմ, որ ակնկալիքները շատ են եւ, նախ եւ առաջ, խօսքս կը վերաբերի 1 մարտի դէպքերուն: Կ՛ակնկալեմ նոր թափ եւ ընդգծուած աշխուժացում` նշուած դէպքերու բացայայտման հարցին մէջ», նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն յայտարարեց Սերժ Սարգսեան:

«Ես գիտեմ բոլոր խնդիրները եւ առարկայական հարցերը, զորս ունեցած ենք բոլորս, նկատի ունիմ` իրաւապահ մարմինները: Երեւի ինձմէ լաւ ոեւէ մէկը տեղեակ չէ այդ հարցերուն: Բայց անգամ մը եւս պէտք է շեշտեմ, որ հարցին նշանակութիւնը չափազանց մեծ է ե՛ւ մեր պետութեան, ե՛ւ մեր հասարակութեան, ե՛ւ նաեւ տարբեր շահարկումներէ խուսափելու համար», աւելցուց նախագահը:

Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հարցը անձնապէս իրեն համար շատ կարեւոր է: Ան պահանջեց կրկին եւ առաւել մանրակրկիտ անդրադառնալ նոյնիսկ այն հանգամանքներուն, ուր նախապէս որեւէ նոր բան չէր բացայայտուած: «Փորձեցէք այդ դէպքերու բացայայտման նոր ուղիներ գտնել: Արդէն տեւական ժամանակ անցած է, թերեւս կան մարդիկ, որոնք ականատես եղած են եւ այն ժամանակ չէին ուզեր համագործակցիլ իրաւապահ մարմիններուն հետ, իսկ հիմա այլ մօտեցումներ ունին: Ասիկա ալ շատ հաւանական է», նշեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահին մօտ հրաւիրուած այս խորհրդակցութեամբ սկսան շարք մը քննարկումներ: Անոնց նպատակն է անդրադառնալ դատաիրաւական համակարգի խնդիրներուն, որոշակի լուծումներ գտնել տարիներով ամրապնդուած արատաւոր երեւոյթներուն դէմ, բացայայտել խնդիրներու հիմքին մէջ ինկած հանգամանքները, զանոնք սրբագրել, վերացնել եւ ամէնէն կարեւորը` բացառել այդպիսի երեւոյթներու հետագայ կրկնութիւնը:

Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, Հայաստանի վճռաբեկ դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեան, Հայաստանի վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատի նախագահ Դաւիթ Աւետիսեան, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Գորիկ Յակոբեան, Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Ալիկ Սարգսեան, Հայաստանի ընդհանուր դատախազի տեղակալներ Մնացական Սարգսեան, Արամ Թամազեան, Գէորգ Կոստանեան, Հայաստանի քննչական գլխաւոր վարչութեան պետ Գագիկ Համբարձումեան եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան պետ Մնացական Մարուքեան:

Յայտնենք, որ 1 մարտի սպանութիւնները բացայայտելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաւաստիացումը այն երեք հիմնական պահանջներէն մէկն է, որուն մասին խօսեցաւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան 8 ապրիլի ընդդիմութեան հանրահաւաքին: Ասիկա նաեւ խնդիր մըն է, որ կը յիշատակուի Հայաստանի վերաբերեալ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ կառոյցներու եւ Հայաստանի գործընկեր պետութիւններու պատրաստած զեկուցումներուն մէջ:

1 մարտի գործով քննչական խումբի ղեկավար Վահագն Յարութիւնեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 1 մարտի գործի քննութիւնը ամբողջութեամբ վերատեսութեան պիտի ենթարկուի:

Ան տեղեկացուց, որ երէկ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետին մօտ տեղի ունեցաւ քննարկում` նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախանցեալ օրուան յանձնարարականի պահանջները կատարելու ուղղութեամբ:

Քննարկման իբրեւ արդիւնք որոշում տրուեցաւ վերատեսութեան ենթարկել նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած բոլոր ապացոյցները: Վերատեսութեան պիտի ենթարկուին բոլոր վարկածները, ցուցմունքները եւ կատարուած փորձաքննութիւնները:

Ըստ Վահագն Յարութիւնեանի, Յատուկ քննչական ծառայութեան պետին կողմէ ցուցմունք տրուեցաւ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել վկաներու նախկին ցուցմունքներու եւ փորձաքննութիւններու եզրակացութիւններուն վրայ: Անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ պիտի կատարուին լրացուցիչ փորձաքննութիւններ: Արդէն իսկ գրաւոր յանձնարարական ուղարկուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան ծառայութիւններուն` փնտռտուքի աշխատանքները աւելի աշխուժացնելու նպատակով:

«Այսինքն պիտի կատարուի առաւելագոյնը` տեղի ունեցած դէպքերու բացայայտումը ապահովելու նպատակով», ըսաւ 1 մարտի գործով քննչական խումբի ղեկավարը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՌԸՆԷ ՌՈՒՔԷՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.