Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաապտայի Յայտարարութիւնը Կանխարգիլած Է Շրջանային Իրադարձութիւններուն Լիբանանի Մէջ Ունենալիք Հետեւանքները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

September 29, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման` Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերած լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները համախոհութիւն գոյացուցած են Պաապտայի յայտարարութեան շուրջ եւ այդպիսով կրցած են կանխարգիլել շրջանային իրադարձութիւններուն Լիբանանի մէջ ունենալիք հետեւանքները:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապին չի վերաբերիր` աւելցնելով բռնարարքներով կարելի չէ հարցեր լուծել: Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի ըլլայ քաղաքական միջոցներով լուծել:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ Լիբանան Եւրոպական Միութենէն կ՛ակնկալէ օժանդակել իրեն, որպէսզի ան կարենայ սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական նպաստներ տրամադրել:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ արգիլեալ գօտիներ բացարձակապէս գոյութիւն չունին` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը իր հակակշիռին տակ առած է երկրին սահմանները եւ կ՛արգիլէ դէպի Սուրիա զինեալներու մուտքն ու զէնքերու մաքսանենգումը:

Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման ընդգծեց լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի վերջինս կարենայ երկրին պաշտպանութեան առումով իր պարտականութիւնը լիովին կատարել եւ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորել:

Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը կը շարունակէ քննարկել Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը եւ օգտուիլ Դիմադրութեան կարողութիւններէն, երբ անոնց կարիքը զգացուի, որպէսզի բանակը կարենայ երկիրը պաշտպանել արտաքին վտանգներէն, յատկապէս Իսրայէլէն:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան մաս կազմող այն երկիրներուն, որոնց զինեալ ուժերը տեղակայուած են հարաւային Լիբանանի մէջ` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դրօշին ներքեւ:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի եւ Պրազիլի դեսպաններ Ապտել Ալ Քանայի եւ Փաուլօ Ռոպերթօ Տավոնթորա:

Նախորդը

Պքերքէի Յանձնախումբը Անշեղ Կը Մնայ Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կայացնելու Կեցուածքէն

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հասնելու Համար» Կ՛ըսէ Մոռնինկսթար

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.