Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երգիչներ Կիլպըրթ Սայմընի Եւ Հրաչ Կայծակեանի Մասնակցութեամբ` Մեսրոպեան Վարժարանը Նոր Տարեշրջանը Սկսաւ Իւրայատուկ Հանդիսութեամբ Եւ Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ

September 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2012-2013 կրթական տարեշրջանի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, շրջանաւարտներու եւ մեծաթիւ ծնողներու: Դպրոցը զարդարուած էր եռագոյն փուչիկներով եւ վերամուտի մթնոլորտը խորհրդանշող մեծ պաստառով:

Վերամուտի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի պահպանիչով, որմէ ետք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարիա Կարապետեան, որ նշեց, թէ գերապայծառ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի կորուստին դիմաց աշակերտութիւնը պիտի շարունակէ հետեւիլ հոգեւոր հովիւի խորհուրդներուն եւ ուղեգիծին: Ան ըսաւ, որ աշակերտները վարքով, վարուելակերպով, աշխատասիրութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ ազգային ոգիով պէտք է կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Բարի վերամուտ մաղթելէ ետք, Կարապետեան յայտնեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները պէտք է հպարտանան, որ իրենք մեսրոպեանական են:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ դպրոցը իր բոլոր կարելի միջոցներով պիտի փորձէ ստեղծել առողջ եւ ուրախ մթնոլորտ, որուն մէջ կրթական ծրագիրին կողքին աշակերտները պիտի ունենան աշխուժ եւ բազմատեսակ արտադասարանային աշխատանքներ: Մեսրոպեանի տնօրէնը հաստատեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը գոյութենական խնդիր չունի, այլ մնայուն կերպով զարգացման եւ բարեկարգման ենթարկուելու մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ այս առնչութեամբ իւրաքանչիւր տարեշրջանին արձանագրուած նորութիւնները բաւարար ցուցանիշներ են:

Գալուստ ըսաւ, որ աշակերտութիւն-դպրոց-ծնողք սերտ գործակցութեամբ պիտի իրականացուին վարժարանին նպատակները: Իր խօսքի աւարտին, Գալուստ մաղթեց, որ 2012-2013 տարեշրջանը բոլորին համար ըլլայ յաջողութիւններով եւ նոր նուաճումներով լի տարեշրջան մը:

Զոյգ խօսքերէն ետք ելոյթ ունեցաւ լիբանանեան եւ արաբական միջավայրին մէջ հանրածանօթ երգիչ Կիլպըրթ Սայմըն, որ անգլերէն երգերով եւ կիթառի ընկերակցութեամբ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Օրուան երկրորդ հիւրն էր լիբանանահայ սիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեան, որ հայկական ճոխ երգերով արժանացաւ աշակերտներու ծափահարութիւններուն: Աւարտին, անցնող տարեշրջանի շրջանաւարտները եւ երկրորդականի աշակերտները շուրջպարերու կատարումով փակեցին վերամուտի բացման հանդիսութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Աշխատասէր Մրջիւններ

Յաջորդը

Վերամուտը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.