Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անասնագիտական. Սեւ Արջերը Կապիկներուն Նման Ունին Համրելու Կարողութիւն…

September 25, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Սեպտեմբերի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ սեւ արջերը կարողութիւնը ունին կատարելու թուային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ անոնք կրնան տարբեր պատկերներու պարունակած կէտերուն թիւը իրարմէ զատորոշել:

Մասնագէտները նշած են, թէ արջերուն ուղեղը կապիկներուն ուղեղէն քիչ մը աւելի փոքր եղած է, սակայն, հետաքրքրականօրէն, ցարդ անոնց մտային կարողութիւնները յայտնաբերող բաւարար ուսումնասիրութիւններ չեն կատարուած:

Մասնագէտները փորձարկումներէն մէկուն մէջ նկատի ունեցած են երեք սեւ արջեր, որոնց վարժեցուցած են մօտենալ համակարգիչի պաստառին եւ դպչիլ անոր իրենց քիթով եւ կամ թաթով:

Այսուհանդերձ, երբ իւրաքանչիւր արջ մօտեցած է պաստառին, անոր վրայ յայտնուած են զոյգ պատկերներ. մէկը պարունակած է մեծ կէտերու հաւաքածոյ մը, իսկ միւսը` փոքր կէտերու հաւաքածոյ մը, որոնք պատահական կերպով սեւ ու կարմիր եղած են: Երբ արջը ընտրած է այդ զոյգ պատկերներէն մէկը եւ անիկա համապատասխան եղած է համակարգիչին կողմէ պատահականօրէն որոշուած «ճիշդ» նկատուած պատկերին, ապա համակարգիչը եղանակ մը արձակած է, եւ արջը ուտելիք ստացած է` իբրեւ վարձատրութիւն իր ըրած ընտրութեան: Սակայն, երբ անիկա «սխալ» պատկերը ընտրած է, ապա համակարգիչը բզզիւն արձակած է եւ յաջորդ զոյգ պատկերները տեղադրուած են պաստառին վրայ:

Մինչ այդ, մասնագէտները կրկնած են վերոնշեալ պատկերներուն ցուցադրութիւնը` ստուգելու համար, թէ արդեօք արջերը կրցա՞ծ են սորվիլ «ճիշդ» նկատուած պատկերները, թէ՞ ոչ: Նշեալ փորձարկման մէջ բոլոր արջերն ալ անսխալ կերպով ընտրած են «ճիշդ» նկատուած պատկերները, ինչ որ հետեւցնել տուած է, թէ անոնք ունին համրելու որոշ կարողութիւն:

Հասուն Ու Խակ Մորմենիներու
Նմանող
Կէտերը

Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ մասնագէտները գտած են, թէ արջերէն մէկը կրցած է իրարմէ զատորոշել թիւերը: Նշեալ արջին ցոյց տրուած են զոյգ մը պատկերներ, որոնցմէ մէկը պարունակած է մեծ կէտերու հաւաքածոյ մը, իսկ միւսը` փոքր կէտերու հաւաքածոյ մը: Նշեալ պատկերներուն յաջորդած են զոյգ մը այլ պատկերներ, որոնք տարբեր չափի եղած են, եւ անոնց մէջ եղող կէտերը շարժուն եղած են: Այսուհանդերձ, հակառակ շփոթ յառաջացնող երեւոյթներուն, արջը կրցած է ընտրել ճիշդ պատկերը, ինչ որ ցոյց տուած է, թէ անիկա կրցած է համրել նոյնիսկ շարժուն կէտերը` զանոնք զատորոշելու համար «սխալ» պատկերին պարունակած կէտերէն:

Արջերու մասնագէտ Տէյվ Կարշելիս ըսած է, թէ արջերը պաստառին վրայ ցուցադրուող կէտերը շատ հաւանաբար նմանցուցած են իրենց գլխաւոր ուտելիքներէն մէկուն` մորմենիին: Հետեւաբար անոնք կրցած են դիւրութեամբ սեւ կէտերը զատորոշել կարմիր կէտերէն` նկատի ունենալով, որ սեւ կէտերը նմանած են հասուն մորմենիներու, իսկ կարմիրները` խակ մորմենիներու:

Մասնագէտ Կարշելիս աւելցուցած է նաեւ, թէ վերոնշեալ փորձարկումները հիմնուած են տեսողութեան վրայ. բան մը, որ կրնայ ամէնէն հանգստաւէտ միջոցը ըլլալ մարդոց  պարագային, սակայն ո՛չ այնքան` արջերուն պարագային, որոնց մօտ հոտառութիւնը գրեթէ հազար անգամ աւելի սուր է մարդոցմէ: Հետեւաբար, եթէ այդ փորձարկումները հոտառութեան վրայ հիմնուէին, ապա արջերը կրնային աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել անոնցմէ:

Արջերու այլ մասնագէտ մը` Ռոճըր Փաուըլ ըսած է, թէ արջերը իրենք զիրենք լաւապէս պատշաճեցուցած են մատչելի եղող նոր տեսակի ուտելիքներ գտնելու երեւոյթին, ինչ որ հետեւցնել տուած է, թէ անոնք բաւական խելացի անասուններ են:

Օգտագործուած աղբիւր՝
«Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 25 Սեպտեմբեր 1962 )

Յաջորդը

Անասնագիտական. Ծովերուն Խորերը Ապրող Ու Ծովային Մարախի Նմանող Երկոտանի Անասունները Փայտով Կը Սնանին…

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.