Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 25 Սեպտեմբեր 1962 )

September 25, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

Փառքի Բլուրը

Պատմութեան կարճ շրջան մըն էր, 1914-1920, ուր սակայն այնքան արիւնոտ էջեր արձանագրուեցան, եւ այնքա՛ն փայլուն ազգային փառքեր…

«Արարա», ապրիլեան եղեռնէն ետք, համազգային գերեզմանոցի մը վերեւ բարձրացած` վրէժի մը կոթողն էր, որ շանթեց թշնամին, եւ զգացուց անոր մօտալուտ մեծագոյն վրէժխնդրութիւնը: Հայ կամաւորին յաղթանակն էր ատիկա:

Մեր կամաւորական շարժումը պատմութեան ամէնէն յուզիչ երեւոյթներէն էր, ապացոյցը` ազգին անխախտ ոգիին, որ ովկիանոսներէ անդին իսկ կը մնար խորապէս կապուած` հայրենի հողին ու հարազատներուն:

Շատեր յանձն առած էին կամաւոր տարագրութիւնը` ճամբորդելով ծովերէ ու ովկիանոսներէ անդին, օգտակար ըլլալու համար հայրենի օճախին, ու ազատ ապրելու նաեւ` բռնութեան ու եաթաղանի մղձաւանջէն:

Իրենց բացակայութեան ապրիլեան մեծ եղեռնը տեղի ունեցաւ, ու քանդուեցան հայրենի օճախները, նահատակուեցան հարազատներ, անյոյս եւ ահաւոր Գողգոթայի մը ճամբուն վրայ…

Այն ատեն, երբեմնի կամաւոր տարագիրները, դարձան վրէժի կամաւորներ, լքեցին իրենց բոլոր անձնական ծրագիրներն ու երազները ու միացան գերագոյն երազին` ազգային յարութեան նպատակին: Սակայն, նախ անցնելով հուրէն ու սուրէն, հալածելով թշնամի մը, որ ոչ միայն անողորմ էր, այլեւ անբաղդատելիօրէն ուժեղ` մեզմէ:

Հայ կամաւորը սակայն աւելի՛ ուժեղ էր իր ոգիով ու կամքով, վրէժի անզուսպ պոռթկումով, որ ծնունդ էր իր սիրելիներուն հանդէպ տածած նուիրական զգացումներուն: Պատերազմները շատ քիչ անգամ մղուած են այսքան բարոյական իմաստով, որ կար հայ կամաւորին զէնքին մէջ:

Ու այդ իմաստը փառքի վերածուեցաւ բլուրի մը վրայ, որ «Արարա» կը կոչուի, եւ այլեւս ամէն հայու համար կը ներկայացնէ շարունակութիւնը Աւարայրի դաշտին…

Փոքր, հազիւ յիշուած դաշնակից մըն էր հայը, որ սակայն անթառամ պսակ մը դրաւ Դաշնակիցներու յաղթանակի կոթողին վրայ, եւ իր սուինով արձանագրեց իր հերոսութեան վկայութիւնը:

«Արարա»-ի բլուրը «Աննուաճ երազ»-ին կարօտը կրեց: Բլուրը սակայն, «լեռ» մըն է այլեւս մեզ համար, որովհետեւ հսկայական տառապանքի մը անչափ վրէժը կար այն կռիւներուն մէջ, որոնք մղուեցան իր վրայ…

Եւ ոչ մէկ բլուր կամ լեռ այնքան մեծ է երկրի վրայ` հայուն տառապանքը կամ վրէժը յիշեցնելու համար… Եւ վերջնական յաղթանակը:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Մուսա Լերան Հերոսամարտին Եւ
Ազատագրութեան
Ցնծատօնը

(Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Մուսա Լերան դիւցազնամարտին եւ ազատագրութեան 48-րդ տարեդարձի փառատօնը կատարուեցաւ 15 սեպտեմբեր 1962, կիրակի, Խաչվերացին, Այնճարի ընդարձակածաւալ ծառաստանի զով հովանիին տակ, հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ: Ամէնքն ալ եկած էին հաղորդուելու համար մեր տասնութը հերոսներու ոգիով:

Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք քահանան օրհնեց աւանդական աղը:

Կիրակի, արեւածագին, կոչնակը սկսաւ հնչել մեղմօրէն` աղօթքի հրաւիրելով բազմահազար ուխտաւորները: Առտուան ժամերգութիւնը սկսած է:

Այս հանդիսաւոր օրուան պատարագիչն է ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան:

Պատարագիչ սրբազան հայրը, «Հայր մեր»-էն առաջ, խօսեցաւ աւուր պատշաճի շինիչ եւ դաստիարակիչ քարոզ մը` բնաբան ունենալով Խաչվերացն ու ազատագրութիւնը:

Յաւարտ պատարագի, խոր լռութեան մէջ, հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ հայկական բոլոր հերոսամարտերու ընթացքին մահը արհամարհող դիւցազուններու խնկելի յիշատակին:

Այս արարողութենէն ետք պատարագիչ սրբազանը, շրջապատուած վարդապետներով ու քահանաներով, օրհնեց աւանդական հարիսան: Որմէ ետք հարիսան բաշխուեցաւ ուխտաւորներուն:

Հոգեհանգիստէն ետք խօսեցաւ բժիշկ Ե. Խաթանասեան` պանծացնելով Մուսա Լերան հերոսամարտը, ինչպէս նաեւ` հայկական բոլոր դիւցազնամարտերը:

Բանախօսը յորդորեց ներկաները, որ անշեղօրէն հետեւին հայ յեղափոխութեան գծած նուիրական ուղիին, մօտիկ ապագային կարենալ ողջունելու համար հայոց աշխարհի լիակատար անկախութեան արշալոյսը` փառապանծ ու գերահրաշ…

Կէսօրին սկսան հնչել Ճէպէլ Մուսայի աւանդական տաւուլն ու զուռնան: Ուխտաւորները, բոլորն ալ վերացած, սկսան երգել ու պարել ցնծագին: Մենապարերն ու շուրջպարերը իրար յաջորդեցին` ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն:

Տեղւոյն կոմիտէին եւ թաղականութեան կողմէ ճաշասեղան մը տրուեցաւ ի պատիւ պատարագիչ սրբազան հօր եւ հրաւիրեալ անձնաւորութիւններուն:

Ուխտաւորները մեկնեցան գոհ եւ ուրախ:

Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Կը Հրապարակէ Կառավարութեան Նոր Կազմը

Յաջորդը

Անասնագիտական. Սեւ Արջերը Կապիկներուն Նման Ունին Համրելու Կարողութիւն…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.