Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լը Ֆիկարօ» Կ՛անդրադառնայ Հոլլանտ – Ալիեւ Հանդիպումին

September 24, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը, Էլիզէի պալատին մէջ Հոլլանտ-Ալիեւ հանդիպումին, կը գրէ.

«Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երեքշաբթի օր կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպումի մը համար (Էլիզէի) պալատ հրաւիրուած էր: Ան բացարձակապէս ժողովրդավար մը չէ, որովհետեւ քսան տարիէ ի վեր իշխանութեան վրայ գտնուող Ալիեւ ընտանիքը մարդկային իրաւանց պաշտպան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ ամբաստանուած է ընդդիմութիւնը եւ խօսքի ազատութիւնը ճնշելու յանցանքով: Ինչ կը վերաբերի ինքնին Իլհամ Ալիեւին, ան Հայաստանի հետ լարուածութիւնը վերակենդանացուց` ներում շնորհելով հայ զինուորականի մը սպանութեան համար դատապարտուած սպայի մը: «Չենք կրնար ընդուիլ, որ Ալիեւ` բռնատէր մը, ոչ միայն կրնայ Ֆրանսա գտնուիլ այլ նաեւ` Էլիզէի մէջ ընդունելութեան արժանանալ», երեքշաբթի օր ընդվզումով նշեց Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան, մինչ 600 ցուցարարներ պետութեան ղեկավարը դիմաւորեցին «Ալիեւ ֆաշական, Ֆրանսայէն դո՛ւրս» բացագանչութիւններով»:

Օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ «գիտակցելով այս այցելութեան նուրբ բնոյթին, Էլիզէն այդ օր արգիլեց լուսանկարիչ- լրագրողներուն պալատի շրջափակ մուտք գործել: Եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձուց հանդիպումէն ետք հրապարակելու հաղորդագրութիւն մը, որ կը հաստատէր, որ «հանրապետութեան նախագահը Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց` Հայաստանի հետ վստահութեան մթնոլորտը վերականգնելու անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու»:

 

 

 

Նախորդը

«Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոն» Հասարակական Կազմակերպութիւնը Պիտի Ստեղծուի

Յաջորդը

Օպամա, Հոլլանտ Եւ Փութին Կը Շնորհաւորեն Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.