Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 22 ԱՊՐԻԼ 2011 )

April 22, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԸ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

Մեր նախանցեալ թիւով արձագանգ հանդիսացած էինք Փարիզի «Ֆրանս-Սուար» թերթին քողազերծած սրտաճմլիկ մէկ պատմութեան: Երկու հայ որբերու (քոյր եւ եղբայր) սրտայոյզ ոդիսականը տուած է  Ֆրանսական թերթը, որուն մանրամասնութիւնները կու տանք ստորեւ.

1922-ին. Զմիւռնիոյ դէպքերուն ատեն, թուրքերը հրոյ ճարակ դարձուցին քաղաքը եւ ջարդեցին յոյն եւ հայ բնակչութիւնը:

Կաթողիկէ կրօնաւորուհիներ, որոնք քաղաքին փլատակներուն մէջէն վերապրողներ կը փնտռէին ու անոնց օգնութիւն կը հասցնէին, խողխողուած երիտասարդ կնոջ մը մօտ կը գտնեն երեք տարեկան մանչուկ մը եւ հազիւ վեց ամսու աղջիկ մը: Այս մանուկները պահանջող չ՛ըլլար: Ուրեմն, գթութեան քոյրերը կը հետեւցնեն, թէ անոնց հայրն ալ զոհ գացած է: Երկու պզտիկները նախ կ՛առաջնորդեն Պուրնապատի որբանոցը, ու անկէ ալ` Պէպէքի որբանոցը: Այս մանուկները յոյն ըլլային թէ հայ (պատմութեան շարունակութիւնը ցոյց պիտի տայ, որ հայ էին), կը պատկանէին ուղղափառ եկեղեցիին: Բայց եւ այնպէս, քոյրն ու եղբայրը կը վերամկրտուին որպէս կաթողիկէ` Մարի-Թերեզ եւ Էմիլիուս անուններով, ու կը դաստիարակուին որպէս ջերմեռանդ կաթողիկէներ:

Տարիներ կ՛անցնին: Օր մըն ալ Զմիւռնիոյ որբանոցին տնօրէնութիւնը նամակ մը կը ստանայ Ամերիկա գաղթած նախկին զմիւռնիացի հայէ մը, որ կը կոչուի Պերճեան: Նամակագիրը կը յայտնէ, թէ այժմ նաւատէր է, լաւ դիրքի տիրացած, եւ թէ` կը  փնտռէ Զմիւռնիոյ ջարդէն հաւանաբար ազատած իր երկու զաւակները:

Որբանոցին պատասխանատուն` հայր Սեն-Ժերմեն, կը պատասխանէ Պերճեանի, թէ Զմիւռնիոյ դէպքէն տարի մը ետք ազգական մը եկած ու տէր կանգնած էր մանուկներուն, հետեւաբար ինք չի գիտեր, թէ անոնք ի՛նչ եղան: Որբանոցին մէջ այդ թուականներուն քաշուած խմբանկար մը կը ղրկէ տարաբախտ հօրը, եւ միաժամանակ կը խոստանայ փնտռտուքներ կատարել` երկու տղոց հետքը գտնելու համար:

Պերճեան, որ Թուրքիա վերադառնալու իրաւունքէն զրկուած է, մինչեւ 1959 (իր մահուան թուականը) իր կողմէն ալ փնտռտուքներ կը կատարէ Յունաստանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, բայց անշուշտ` ապարդիւն:

Երբ հայր Սեն Ժերմէն կ՛իմանայ, թէ երկու երեխաներուն հայրը հարուստ մէկն է, կը հրահանգէ, որ ծանր աշխատանքներ ընել չտան Մարի-Թերեզին, այլ միայն ձեռագործ եւ կար կարել սորվեցնեն:

Տարիներ կ՛անցնին:

Մարի-Թերեզ կը ծանօթանայ ֆրանսացի նաւազի մը` Ժան Քրէօզ, որուն հետ կ՛ամուսնանայ եւ կու գայ հաստատուիլ Ֆրանսա: Այժմ կը բնակի Օտի նահանգին մէջ եւ ունի չորս զաւակ: Իսկ Էմիլիուս կը մնայ Զմիւռնիա, ուր կը դառնայ կահագործ:

Էմիլիուս քանիցս կը հարցաքննէ հայր Սեն Ժերմենը` իր ծնողներուն ու ծագման մասին: Կրօնաւորը կը բաւականանայ միայն պատասխանելով.

– Շատ գէշութիւն ըրած եմ քեզի. ներէ ինծի:

Երեք տարի առաջ հայր Սեն Ժերմեն կը զգայ, թէ իր մահը մօտալուտ է. քովը կը կանչէ Էմիլիուսը եւ կը խոստովանի.

– Քու իսկական անունդ Օննիկ Պերճեան, իսկ քրոջդ անունն ալ Մարիա Պերճեան է: Ձեզ կաթողիկէ հաւատքին մէջ պահելու համար է, որ ձեր ինքնութիւնը ծածկեցի ձեզմէ ու ձեր հօրմէն:

Հայր Սեն Ժերմեն կը վախճանի` առանց կարենալ յայտնելու ամերիկաբնակ Պերճեանի հասցէն, որ իր կարգին մեռած էր 1959-ին` առանց գտնելու իր զաւակները:

Սակայն Թուրքիոյ ամերիկեան դեսպանատունը փնտռտուքի ազդեր հրատարակած էր թրքական մամուլին մէջ` խնդրելով, որ «Պարոն Պերճեանի մը հաւանական ժառանգորդները» իրենք զիրենք ճանչցնել տան:

Էմիլիուս այս մասին թղթակցութեան մէջ կը մտնէ ֆրանսաբնակ իր քրոջ հետ, որ անմիջապէս Թուրքիա կը մեկնի: Քոյրն ու եղբայրը կ՛այցելեն իրենց մանկութեան որբանոցները, կը քննեն տոմարները, կը հաւաքեն անհրաժեշտ վկայութիւնները եւ ի վերջոյ ձեռք կը ձգեն իրենց ինքնութիւնը ճշդող վկայագիրներ, ըստ որոնց, իրենք զաւակներն են Ամերիկայի մէջ մահացած Պերճեանի: Այժմ անհրաժեշտ դիմումները կատարած են իրենց հօր ժառանգութեան տիրանալու համար:

Պոլսոյ կաթողիկէ եկեղեցիին դիւանապետը` Կանոնիկոս Կիլուա, խնդրած է երկու որբերէն, որ ոխ չպահեն հայր Սեն Ժերմենի դէմ եւ ներեն անոր, քանի որ համոզուած էր, թէ այսպէս վարուելով Էմիլիուսի եւ Մարի Թերեզի հոգիները փրկած պիտի ըլլայ…

Հապա ի՞նչ մտածել խեղճ Պերճեանի հոգիին մասին, որ ամբողջ կեանքը անցուց իր զաւակները փնտռելով ու մեռաւ առանց զանոնք տեսած ըլլալու հոգեկան նուազագոյն գոհունակութիւնն իսկ ունենալու:

Նախորդը

Օդերեւոյթ ( 21 ապրիլ 2011 )

Յաջորդը

ՄԱՐԴԸ ԿԸ ՀԱԿԱՍԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.