Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Հայաստան

September 21, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միացեալ գոհաբանական աղօթքի պահուն

Երէկ Հայաստան ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի նիստին մասնակցելու նպատակով:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին դիմաւորեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, ապա Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ միասնական գոհաբանական աղօթք:

Աղօթքէն ետք Ամենայն հայոց հայրապետը բարի գալստեան խօսքով ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` փառք ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ առիթներ կը պարգեւէ հանդիպելու եւ առ Աստուած միացեալ աղօթք բարձրացնելու հայ ժողովուրդի ապահով ու բարօր կեանքի, հայրենիքի շինութեան ու յառաջընթացին համար, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու ազգային կեանքը յուզող հարցերուն ու խնդիրներուն:

Վեհափառ հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի աշխատանքներուն միացեալ մասնակցութեան համար` կարեւոր նկատելով Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման եւ մարդկային կեանքին մէջ այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման ուղղուած ջանքերը, որպէսզի լուծում գտնէ հայ ժողովուրդի արդար դատը, որ հարիւրամեակ շարունակ իւրաքանչիւր հայորդիի պայքարը դարձած է:

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նաեւ ցաւով անդրադարձաւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ մարդասպանին շնորհուած ներման իրողութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն, որոնց զոհ կը դառնան բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ: «Արդարեւ, մեր հոգին տագնապի ու ցաւի մէջ է, որովհետեւ սուրիահայ բազմաթիւ մեր զաւակները զոհ դարձան պատերազմական այս գործողութիւններուն ընթացքին, շատերը կ՛ապրին անորոշութեան մէջ` վախը իրենց սրտին մէջ, ուրիշներ գաղթական դարձան աշխարհով մէկ: Մենք փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այսօր մենք հայրենի պետականութիւն ունինք, որ հարազատ զաւակներու համար դժուար պահերուն միշտ անոնց կողքին է, նեցուկ ու ապաւէն անոնց»,  ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան նշեց, որ եկեղեցին նոյնպէս ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ դրաւ եւ կը շարունակէ ի գործ դնել` օգնելու դժուարութեան մէջ հեծող իր զաւակներուն:

Այնուհետեւ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին իր այցելութեան անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: «Մեր եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառը, մեր եկեղեցւոյ կեանքի ու վկայութեան ճամբան, մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը միայն մէկ բառի մէջ կարելի է խտացնել` ծառայութիւն: Եւ այս բառը մեր եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին գործնականապէս արտայայտուած է մեր եկեղեցւոյ կենդանի ու արեան վկայութեամբ, մեր եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր ստեղծագործութեամբ, մեր եկեղեցւոյ` հայրենիքի  ու ժողովուրդի համայնական կեանքին մէջ իր գործուն մասնակցութեամբ», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս` իր այցելութիւնը առիթ նկատելով ծառայական ուխտի վերանորոգման:

Խօսելով վերջին շրջանին ազգային կեանքը յուզող երեւոյթներուն մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս մասնաւորաբար յայտնեց, որ երբ Ազրպէյճանը, բարոյական, իրաւական, քաղաքական, մարդկային ամէն տեսակ օրէնք ու հասկացողութիւն մէկ կողմ դնելով, փառքով ու պատուով ընդունեց ոճրագործը, մեր եկեղեցին պետութեան կողքին եղաւ, մեր եկեղեցին չէր կրնար անտարբեր ըլլալ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ երբ սուրիահայութիւնը այսօր տագնապի մատնուած է, մեր եկեղեցին անտարբեր չմնաց: «Եւ ահաւասիկ, երբ մենք կը գտնուինք ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին, եկեղեցին չի կրնար լուռ ու հետեւողի դերին մէջ մնալ: Մեր պետութեան հետ միասին մենք ընելիք ունինք»:

Իր խօսքի աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը մաղթեց, որ միշտ շէն ու պայծառ մնայ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինը իր միաբանութեամբ եւ բոլոր կառոյցներով:

Արարողութիւնը վերջ գտաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու միասնական տէրունական աղօթքով:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկի Նախագիծի Հանրային Ներկայացումին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Պարգեւատրումներ Կատարեց Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.