Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ գործակցութեան համաձայնագիրը լուրջ մտահոգութիւն պատճառող տուեալներ չի բովանդակեր:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել կոչ ուղղեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութեան դրական արդիւնքները գործնականացնելու` ամրապնդելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս նշեց, որ լիբանանցիները կարող են աղէտներ գործել` անոնց միջեւ բախումներ արձանագրուելու պարագային: Ան խստիւ դատապարտեց առեւանգումները եւ պահանջեց խստացնել պատիժները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ռուսական օրաթերթի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը դէմ է Լիբանանէն Սուրիա զէնք փոխադրելու եւ զինեալներ ղրկելու:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի անդամներուն գոյութիւնը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն կը նկատուի: Անոնք Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեցին հակադարձել այդ յայտարարութիւններուն եւ ուղղուիլ դէպի միջազգային ամպիոններ` Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը ամրապնդելու նպատակով:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ապահովական ուժերը կրցած են մշակել ապահովական այնպիսի ծրագիր մը, որուն գործադրութեան պարագային առեւանգումներ գործող աւազակախումբերուն բոլոր անդամները պիտի ձերբակալուին, եւ կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ Լիբանանի մէջ առեւանգումներուն:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Հըզպալլա դէմ է երկրին ապահովական կացութեան խախտումին` շեշտելով, որ Լիբանանի ապահովութեան ուժերը պէտք է լիովին ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց առեւանգումները` շեշտելով, որ առեւանգումը վտանգաւոր իրողութիւն մըն է, որ կրնայ բոլոր կողմերը թիրախ դարձնել:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր ամբաստանեց Մահեր եւ Հասան Մըքտատները, ինչպէս նաեւ Թարեք Սուլթանը` զինեալ խմբաւորում կազմելու յանցանքով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Մարուան Ֆարեսը, Ալի Ամմարը եւ Նաուաֆ Մուսաուին: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ Ֆրանսա կը փափաքի լիբանանեան բանակին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները գիտնալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու առումով եւրոպական ոչ մէկ որոշում կայ:

 

 

 

Նախորդը

«Սէուտական Արաբիա Եւ Քաթար Սուրիոյ Դէպքերուն Ետին Կը Կանգնին» Կ՛ըսէ Մարկիլով

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Թուրքիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.