Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծխախոտը` Իմ Եւ Բոլորին Թշնամին

September 20, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ – ԱՍՄԻՆԵԱՆ

«Լաւ իմացէք, երիտասարդներ եւ պատանիներ, խօսքս կ՛ուղղեմ ձեզի, որովհետեւ դուք մեր նոր սերունդն էք, ծխախոտն ու կլկլակը ոչ միայն ձեր թշնամին են, այլ ամբողջ մարդկութեան: Անոր օգտագործումը կը քայքայէ ձեր առողջութիւնը։

Ուստի, ունենալու համար առողջ միտք ու մարմին` հեռու մնացէ՛ք այդ թոյնէն»:

Նոր չէ, որ բժշկութիւնը կ՛անդրադառնայ ծխախոտին պատճառած հիւանդութիւններուն եւ վնասներուն: Յաճախ բժիշկներ կը դասախօսեն այդ նիւթին շուրջ:

Իբրեւ բժիշկ չէ, որ յոյժ կարեւոր կը նկատեմ այս նիւթին շուրջ խորհրդածել, այլ` իմ շրջանակս ու մարդ արարածը սիրող անձ:

Դժբախտաբար մարդը, գիտնալով հանդերձ ծխախոտին ի՛նչ աստիճանի վնասակար ըլլալը, տակաւին կը շարունակէ ըլլալ անոր գերին:

Ծնողներ, որոնք կլկլակ կ՛օգտագործեն, իրենք բնաւ արգելք չեն ըլլար, որ իրենց զաւակները (ըլլան պատանի թէ երիտասարդ) նստին իրենց կողքին եւ այդ կլկլակը գործածեն օրական թէ շաբաթական քանի մը անգամ:

Ի՜նչ աստիճանի տգիտութիւն, թշնամութիւն եւ կամ անհոգութիւն կը ցուցաբերեն իրենց պատրաստած նոր սերունդին նկատմամբ:

Ի հարկէ կը դժգոհին բոլոր անոնցմէ, որոնք կը պայքարին ծխախոտի կամ կլկլակի օգտագործման դէմ:

Բարեբախտաբար կայ ծխախոտի դէմ պայքարողներու խումբ մը, որ գիտակցելով անոր պատճառած վնասներուն` արգելք կը հանդիսանայ ազատ ու իրենց ցանկացած վայրի մէջ ծխողներուն եւ ծխել փորձողներուն: Ծխելու դէմ պայքարողները անհանդուրժելի կը գտնեն ծխող դասակարգին որդեգրած անհոգ եւ անպատասխանատու կեցուածքը, մանաւանդ որ անոնք կ՛անտեսեն իրենց շուրջ գտնուող վատառողջ մարդիկը, փոքրիկները, ծխախոտը ատողներն ու անոր հանդէպ տհաճ զգացում ունեցողները:

Շնորհակալ ենք մարդասէրներէն եւ առողջութիւնը ամէն ինչէ վեր գերադասողներէն: Վերջապէս գործադրութեան դրուեցաւ հանրային փակ վայրերու մէջ ծխելու դէմ հաստատուած օրէնքը:

Սակայն կայ հարց մը, արդեօք որքանո՞վ պիտի յարգուի այդ օրէնքը:

Ծխող հասարակութեան քանի՞ առ հարիւրը պիտի գործադրէ… Երանի՜ մարդ հասնի այն գիտակցութեան մակարդակին, որ զանազանէ, թէ ինչը իրեն համար պիտանի է, ինչը` ոչ:

Տխուր առիթի, հարսանիքի, ճաշկերոյթներու, նոյնիսկ Միջինքի սեղաններու շուրջ ծխախոտը կը հանդիսանայ առաջնահերթ կարեւորութիւն ունեցող «սնունդ»), խորքին մէջ` հակառակը, անիկա թոյն է:

Ինչպէս հիւանդանոցներու մէջ, այնպէս ալ դպրոցներու մէջ պէտք է անպայման գործադրուի այդ օրէնքը` առանց խախտումի:

Դպրոցին պատերը պէտք է մաքրել ծխախոտի հոտերէն «Անգթութիւն է, երբ փոքրիկները կը շնչեն անոր ահռելի ու զզուելի հոտը, անոր թոյնը պէտք չէ հասնի անոնց թոքերը:

Ծխախոտ օգտագործողը ինք չի զգար, թէ իր խօսակիցը (փոքրիկ կամ մեծ) անախորժութիւն կը զգայ, երբ իր բերնէն կու գայ տհաճ հոտ:

Շատ յաճախ փոքրիկներ (աշակերտներ) արտայայտած են, թէ իրենց տան մէջ բոլորը կը ծխեն, իսկ իրենց խնդրանքը` չծխելու ոչ ոք կը լսէ:

Կարելի է ծխախոտը փոխարինել տարբեր սննդատեսակներ օգտագործելով, ինչպէս` պտուղներ, ստեպղին, շաքարեղէն…

Ունենալու համար առողջ ընտանիք, միջավայր եւ նոր սերունդ` անհրաժեշտ է գէթ սկսինք ծխախոտի դէմ պայքարելով: Ձեռք-ձեռքի տալով` կը հասնինք մեր նպատակներուն:

Վերջին խօսքս կ՛ուղղեմ բոլոր ճաշարաններու եւ սրճարաններու սեփականատէրերուն. «Դո՛ւք, որպէսզի նիւթական վնասներ չունենաք, իրաւունք չունիք քաջալերելու ծխախոտն ու կլկլակը:

«Եթէ կ՛ուզէք ծխախոտն ու կլկլակը մնան մարդու առօրեայ սնունդի հետ հաւասար քալող պահանջներ, ուրեմն դուք կ՛ուզէք ունենալ փճացած սերունդ, մարդկութիւն եւ միջավայր»:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Դաշտագնացութիւնը

Յաջորդը

Հարպոյեան Համախտանիշ-Ախտանիշ. Harboyan Syndrome

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.