Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քրտական Մտավախութիւնն Ու Ճամբաներու Կուպրապատումը

September 19, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ քրտական շարժումը նոր թափ ստացած ըլլալու նախադրեալները կը փոխանցէ: Տարբեր շրջաններու մէջ ռմբահարումներ, փարթիզանական յարձակումներ, թրքական զօրամիաւորումներու դէմ կազմակերպուած ռազմական գործողութիւններ եւ մասամբ նորին` քրտական գործօնի վերաշխուժացման մասին յստակ համոզում կը ձեւաւորեն: Ի հարկէ դժուար է կանխատեսելը, որ համաքրտական միաւորումի յանգելիք գործընթացի մը սկի՞զբն է այս մէկը, թէ՞ պարագայականութեան մէջ սահմանափակուած մնալու հերթական երեւոյթ է:

Միջազգային մամուլը յամառօրէն եւ հետեւողականօրէն քրտական գարնան մասին ուղերձներ կը փոխանցէ եւ նոր Քիւրտիստանի սահմաններուն ուրուագծումները կը կատարէ: Խնդիրը անշուշտ անմիջականօրէն կրնայ կապուիլ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետ` գրեթէ բացարձակացնելով Անգարայի ներգրաւուածութեան տարողութեան հիմնական բաժինը:

Արտաքին ներշնչումները այստեղ եւս գերազդեցիկ նշանակութիւն ունին. պարզ է, որ շրջանին մէջ գործընթացներու ահագնացումը պայմանաւորուած է արտաքին ուժերու թելադրութիւններով եւ օժանդակութիւններով: Քրտական ենթադրեալ գարունը (եթէ իբրեւ քաղաքական եղանակ պիտի կայանայ) բացառութիւն չի կրնար կազմել:

Թերեւս կանուխ է հաստատելը, այսուհանդերձ պէտք չէ աննկատ ձգել երկու շաբաթ առաջ Լիբանանի մէջ ապրող քիւրտերուն կազմակերպած բողոքի ցոյցը` Եւրոպական Միութեան կեդրոնին առջեւ, որուն ընթացքին  յայտարարուած հիմնական պահանջը Ապտիւլլա Օճալանի ազատ արձակումն էր: Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք վերադարձ կատարող եւ բողոքի քաղաքական հասցէ ճշդած այս ցոյցը նախագարնանային միաւորումներու ընդհանուր շղթայի մէկ օղակը հանդիսանալու նախապատրաստական աշխատանքներուն կրնայ մաս կազմած ըլլալ: Լիբանանեան լրատուադաշտը մթութիւն պահեց այս եղելոյթին վրայ` յայտնապէս թրքական գործօնին հաշուառումը կատարած ըլլալու, եթէ ոչ նկատառելիօրէն թափանցուած ըլլալու տպաւորութիւնը ձգելով:

Տակաւին. Քիւրտերու համաշխարհային երկրորդ համագումարի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ, կազմակերպողները յստակօրէն կը բանաձեւեն իրենց պահանջները` քրտական ինքնորոշման իրաւունքի յարգումին եւ օրինականացման առումով:

Երէկուան լրատուութիւններուն մէջ ուշագրաւ բաժին մը կրնայ կապ ունենալ Թուրքիոյ ապրած քրտական մտավախութիւններուն հետ: Թրքական լրատուամիջոցները կը փոխանցէին, որ Թուրքիայէն դէպի Հայաստան տանող ճամբան արագօրէն կ՛ընդլայնուի եւ կը կուպրապատուի: Լուրին կ՛ընկերակցէր անմիջական մեկնաբանութիւն` սահմանի հաւանական բացման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին նշում կատարելով:

Սահման բանալու խաբկանքի քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում է ըստ երեւոյթին, որուն կը դիմէ Անգարան: Ամէն անգամ, որ արտաքին ճնշումները բանէին սահման բանալու ուղղութեամբ, Անգարան խաբկանքի գործողութիւն կը կազմակերպէր` ձեւացնելու համար, որ ինք կողմնակից է բնականոն յարաբերութիւններու ստեղծման համար իբրեւ առաջին քայլ սահմանը բանալու: Այս պարագային կրնայ ներքին ճնշումի արդիւնք ըլլալ: Ներքին` քրտական իմաստով:

Ճամբու ընդլայնման եւ կուպրապատման այս ցուցադրութեան ընտրուած ժամանակը հետաքրքրական է: Չմոռնանք, որ սահմանի բացումին դիմաց նախապայմանային քաղաքականութիւնը չէ փոխուած: Առաջին նախապայմանը Արցախի խնդիրն է, որ գէթ այս ժամանակահատուածին սաֆարովեան գործարքի իբրեւ արդիւնք աւելի կարծրացումի գացած է, չըսելու համար, որ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու առկախումը պահանջող յայտարարութիւններով յագեցուած է:

Այս ցուցադրութիւնը կրնայ անհանգստացնել Պաքուն: Փաստօրէն, թուրքեւազրպէյճանական հասարակական կազմակերպութեան Իգտիր բաժանմունքը չէ ուշացած իր մտահոգութիւնը հրապարակելու ի տես դէպի սահմանադրան բացում տանող ճամբու ընդլայնումին ու կուպրապատումին:

Թուրքիոյ թիւ մէկ գլխացաւանքը համարուող քրտական խնդիրը Անգարային համար ժամանակաւորապէս շրջանցել կու տայ Պաքուի շահերու նկատառումը: Ինքնորոշման ճանապարհին վրայ գտնուող քիւրտերը կ՛ուզեն ինքնորոշուիլ նաեւ այն տարածքներուն վրայ, որոնք կուպրապատուած եւ ընդլայնուած ճամբաներով թէականօրէն պիտի կապուին Հայաստանի Հանրապետութեան: Իսկ այդ տարածքներու պատկանելիութեան շուրջ ծագելիք վէճն ու մտահոգութիւնը լրիւ ձեռնտու են Անգարային համար, որ այս անգամ կուպրով կ՛ուզէ մոլորեցնել առնչուած կողմերն ու միջազգային հանրութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Պորտիւժան

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 20 Սեպտեմբեր 1962 )

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.