Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոս – Իրան – Թուրքիա Սուրիոյ Հարցով Եռակողմ Հանդիպումէն Մէկ Օր Ետք Սալեհի Եգիպտական Նախաձեռնութեան Յաջողութեան Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ

September 19, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ամրօ եւ Սալեհի

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ Սալեհիի հետ իր հանդիպումը Սուրիոյ տագնապի լուծման եգիպտական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ երկուշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած Եգիպտոսի, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կատարուած քննարկումներու շարունակման ծիրին մէջ կ՛իյնայ:

Ամրօ աւելցուց, որ իրենք քննարկած են Եգիպտոս-Իրան յարաբերութիւններուն հեռանկարները, այդ յարաբերութիւնները առեւտրական գետնի վրայ յառաջ մղելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին արեւելքի մէջ կացութեան զարգացումներն ու մասնաւորաբար սուրիական բեմի վերջին իրադարձութիւնները:

Սալեհի իր կարգին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները վերջերս լաւ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրեն` նշելով, որ Եգիպտոսի եւ Իրանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները կը զարգանան:

Իրանի դիւանագիտութեան պետը եգիպտական նախաձեռնութեան յաջողութեան նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեց` նշելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը ճիշդ ատենին ներկայացուեցաւ:

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը Գահիրէի ժողովէն բացակայած էր: Ըստ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նազիհ Նաժարիի, Սէուտ Ֆայսալ իշխանը «արտակարգ պայմանաւորուածութիւններու» պատճառով բացակայած էր: Ան աւելցուց, որ Եգիպտոս Ռիատը տեղեակ պիտի պահէ ժողովին արդիւնքէն` շեշտելով, որ «ժողովէն բացակայութեան ետին քաղաքական պատճառներ գոյութիւն չունին»:

Նաժարի յայտնեց, որ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները սուրիական տագնապի դրացի երկիրներ տարածումը կանխարգիլելու միջոցները քննարկած են` նշելով, որ հանդիպումին նպատակը «Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման դիմակայումն ու սուրիացի ժողովուրդի տառապանքին վերջ տալն է»:

Ժողովին մասնակիցները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են իրենց երկիրներու, շարք մը հարցերու առնչութեամբ կեցուածքներու համաձայնեցման վրայ, իսկ այդ հարցերուն կարեւորագոյններն են սպանութեանց եւ բռնարարքներու անմիջական դադրեցումը, Սուրիոյ միութեան, գերիշխանութեան եւ հողերու ապահովութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան մերժումը:

Նախարարները նաեւ խորհրդակցած են սուրիացի ժողովուրդը բաղկացնող բոլոր տարրերուն մասնակցութեամբ սուրիացի ժողովուրդին բազմակարծիք ժողովրդավար քաղաքական վարչակարգի մը ծիրին մէջ ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ արժանապատիւ կեանքի ձգտումը իրականացնող քաղաքական հոլովոյթի մը ձեռնարկման կարեւորութեան շուրջ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ քառեակը կ՛ողջունէ ապագային այլ կողմերու դրական ներդրումները եւ կը ջանայ տագնապին քաղաքական լուծումի մը ձգտող ջանքերուն զօրակցիլ եւ անոնց հետ համակարգում կատարել:

Գահիրէի ժողովին մասնակիցները զօրակցած են, լաւ պատրաստութիւն տեսնելէ ետք, չորս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի գումարման:

Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ իր եռակողմ ժողովէն ետք յայտնած էր, որ ժողովը սուրիական տագնապի լուծման համար «գաղափարներու եւ սկզբունքներու ընդհանուր քննարկում մը» կատարած է եւ համաձայնութիւն գոյացած «խորհրդակցութիւնները շարունակելու»: Ան նշեց, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ` 24 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք:

Եռակողմ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին յայտնած էր, որ Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծումը պէտք է շրջանային ըլլայ», իսկ Սալեհի նշած էր, որ «լուծումը պէտք է սուրիական ըլլայ եւ դուրսէն չպարտադրուի»:

Տաւութօղլու երէկ նոյն գաղափարը կրկնելով յայտնեց, որ սուրիական տագնապին լուծումը արտաքին միջամտութենէ հեռու եւ շրջանային ծիրի մէջ պէտք է ըլլայ: Անդրադառնալով հակառակ ոմանց կողմէ տագնապին մաս նկատուելուն` Իրանի կողմէ այս ժողովին մասնակցութեան` ան ըսաւ, որ «կ՛ուզենք իրանական-սուրիական յարաբերութիւնները օգտագործել Ասատը համոզելու, որպէսզի արիւնահեղութիւնը դադրեցնէ»:

Տաւութօղլու նաեւ յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի հոկտեմբերի կիսուն Թուրքիա պիտի այցելէ` Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւնները յառաջ մղելու համար ռազմավարական բարձր մակարդակի գործակցութեան խորհուրդի հաստատման հարցը քննարկելու:

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Փոփոխութիւնը Անխուսափելի Է» Կ՛ըսէ Ֆապիւս

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.