Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Շարունակէ Քննարկել 2013-ի Պետական Պիւտճէի Եկամուտներուն Բաժինը

September 18, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Կառավարութեան նիստը յատկացուած էր քննարկելու պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն յաւելումները, ինչպէս նաեւ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացումը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նախքան այդ կէտերուն քննարկումը, խօսք առաւ նախագահ Սլէյման, որ անդրադարձաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութեան եւ այդ այցելութեան ընդմէջէն Լիբանանին պարզած լաւ պատկերին եւ ոչ թէ այն պատկերին, որուն վերջերս վկայ դարձաւ ամբողջ աշխարհը:

Նախագահ Սլէյման գնահատեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ եւ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներուն միասնականութիւնը, որ Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդած է:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պապին Լիբանան այցելութիւնը անոր կատարած ամէնէն յաջող այցելութիւններէն մէկն է:

Նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ նաեւ «Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնին, որ կը վարկաբեկէ իսլամական կրօնն ու Մոհամետ մարգարէն` շեշտելով, որ ան կը հակադրուի Արեւմուտքին արժանիքներուն եւ սկզբունքներուն, յատկապէս նկատի ունենալով մարդ անհատին ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն նկատմամբ անոր յարգանքը:

Նախագահ Սլէյման առաջարկեց Արաբական լիկային ընդմէջէն մշակելու միջազգային օրէնքներ կամ նախաձեռնութիւններ, որոնք կ՛արգիլեն տարբեր ժողովուրդներու կրօններուն եւ մարգարէներուն դիմագիծը աղաւաղելու քայլերը:

Նախագահ Սլէյման աւելցուց, որ այդ ժապաւէնին դէմ տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցերը պէտք է ըլլան քաղաքակիրթ ցոյցեր:

Արսալի Խըրպեթ Տաուտ շրջանին վրայ սուրիական օդուժին գործած ռմբակոծումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն ակնարկելով` նախագահ Սլէյման պաշտպանութեան նախարարէն խնդրեց ստուգել այդ միջադէպին իսկական դրդապատճառները:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ պէտք չէ թոյլ գտնուիլ առեւանգումներուն պարագային, եւ ապահովական պատկան մարմիններէն խնդրեց միջամտել առեւանգումի թղթածրարներուն եւ երկաթեայ բազուկով հարուածել առեւանգող կողմերը:

Տաուք նշեց, որ Միքաթի իր կարգին շեշտեց պապին Լիբանան կատարած այցելութեան յաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ապահովութեան ուժերուն, որոնք ընկերակցեցան պապին:

Վարչապետ Միքաթի գնահատեց նաեւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ պապին այցելութեան մանրամասնութիւնները բծախնդրօրէն սերտելու յանձնառութիւնը:

Միքաթի իր կարգին ակնարկեց Մոհամետ մարգարէին արժանապատուութիւնը խոցող ժապաւէնին` հաստատելով, որ պէտք է դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք վերջ կու տան զգացումներու հրահրումին:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը չէ ջնջած երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն աշխատավարձերուն յաւելումները եւ այս հարցով վերջնական որոշումը ձգած է խորհրդարանին:

Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 2013-ի պետական պիւտճէի եկամուտներուն բաժինը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Գոհունակութիւն Յայտնեց Պապին Լիբանան Կատարած Յաջող Այցելութեան Առնչութեամբ

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Անձամբ Ներկայ Գտնուեցաւ Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Ծովածաւալ Բազմութեան Բողոքի Ցոյցին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.