Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասատի Վարչակարգին Անխուսափելի Աւարտը Կը Մօտենայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

September 15, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Ասատի վարչակարգը իր անխուսափելի աւարտին կը մօտենայ»` զգուշացնելով սուրիական տագնապի ամբողջ շրջանին վրայ տարածումէն: Ան աւելցուց, որ «պէտք է այս ողբերգութեան ոչ ըսենք եւ չարտօնենք, որ կրակին բոցերը ամբողջ շրջանին փոխանցուին»:

Էրտողան Եալթայի մէջ եւրոպական ռազմավարութեան նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը արտաքին ուժերու միջամտութենէն չէ յառաջացած, այլ` սուրիացի ժողովուրդի հակազդեցութենէն, որ տարիներէ ի վեր ամբարուած է», ճիշդ ինչպէս Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ` աւելցնելով, որ «սակայն այս վարչակարգը ժողովրդավարութեան մասին չի մտածեր, անիկա բռնատիրական վարչակարգ է»:

Էրտողան նշեց, որ «(միջազգային ընտանիքին) միակ նպատակը Սուրիան ժողովրդավարական երկիրի վերածելու աշխատանքն է` անոր հողերուն ապահովութեան եւ միութեան յարգանքի ծիրին մէջ»:

Բրիտանական դիւանագիտական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ «սուրիական հողերու մեծամասնութեան վերահսկողութիւնը կորսնցնելէ եւ միայն Դամասկոսի եւ անոր մօտիկ շրջաններուն տիրելէ ետք, Պաշշար Ասատի վարչակարգը յաւելեալ երեք ամիսէն աւելի պիտի չկարենայ գոյատեւել»:

Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Լիբանան ժամանելու նախօրեակին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց դէպի Սուրիա զէնքի մատակարարումը դադրեցնելու` նշելով, որ այդ արարքը մեծ մեղք մըն է: Ան նաեւ «Արաբական գարնան» երկիրներուն կոչ ուղղեց` ազատութեան համար մեծ ձայն բարձրացնելու:

Միւս կողմէ, Կազայի մէջ Համասի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիէ,  անդրադառնալով անցեալ օրերուն Ռիֆ Տիմաշքի պաղեստինեան Եարմուք գաղթակայանին մէջ սպաննուած պաղեստինցիներու հարցին, նշեց, որ «կարելի չէ Սուրիոյ մէջ պաղեստինեան արեան վարկաբեկման նկատմամբ լուռ մնալ»:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Օպամայի Ընտրական Քարոզարշաւին Համար Մտահոգիչ Զարգացումներ

Յաջորդը

Իսլամութիւնը Վարկաբեկող Ժապաւէնին Դէմ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.