Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպացի Խորհրդարանականներուն Դիմելով «Ազրպէյճանցիները Չեն Զանազաներ Արդար Մարտի Մէջ Զոհուածը Գիշերը Սպաննուածէն» Կը Գրէ Վահան Յովհաննիսեան

September 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին ազրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Էլհան Սուլէյմանով Եւրոպական խորհրդարանին եւ Արեւելեան գործընկեր խորհրդարաններու երեսփոխաններուն յղած էր նամակ մը, որուն մէջ փորձած էր մեղմացնել եւրոպական հասարակութեան տպաւորութիւնը` ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելուն վերաբերեալ: Սուլէյմանովի նամակին իրաւական եւ բարոյական սնանկութեան անդրադառնալով` «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի Բիւրոյի անդամ, «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան երէկ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տարածեց նամակ մը, որուն մէջ ան իր տարակուսանքը յայտնեց Սուլէյմանովի համոզելու փորձերուն նկատմամբ: Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ ինք չի փորձեր այս ամօթալի փաստերուն իրաւական կողմը քննարկել: Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած որեւէ անօրինականութեան հետ անհամաձայնութիւն Սուլէյմանով կը նկատէ զգացմունքայնութիւն: Ըստ անոր, տարօրինակ չէ, որ Սաֆարովի հետ լուսանկարներուն մէջ նկատելի են ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամներուն լայն ժպիտները, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ իրենք ոչ միայն կ՛արդարացնեն Սաֆարովը, այլեւ այդ սպանութիւնը կը նկատեն օրինական, քանի որ զոհը հայ է:

Վահան Յովհաննիսեան համոզում յայտնեց, որ սթրազպուրկեան դաշինքը մշակած իրաւական փորձագէտները չեն կրնար նոյնիսկ պատկերացնել, որ իրենց «ստեղծած»-ը պիտի օգտագործուէր մարդասպանը ազատ արձակելու համար: Ան յայտնեց, որ խնդիրը եւրոպականին եւ ազրպէյճանական տարբերութեան մէջ չէ, այլ մտածելակերպի: Վահան Յովհաննիսեան նաեւ նշեց, որ Սուլէյմանով իր նամակին մէջ կը շեշտէ Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ տագնապի ընթացքին ազրպէյճանցի վիրաւորներուն մասին, սակայն չի նշեր, որ ոչ մէկ ազրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է` կացինահարուելով հայուն կողմէ, քնացած ժամանակ:

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, զարմանալին այն է, որ ազրպէյճանցիները չեն զանազաներ արդար մարտի մէջ զոհուածը գիշերը սպաննուածէն: Ան նշեց, որ թերեւս բացառութիւններ կան ազրպէյճանցիներուն մէջ, սակայն ոչ ոք անոնց ձայնը լսած է: Յովհաննիսեան նաեւ դիտել տուաւ, որ եւրոպացի գործընկերները պէտք է բացատրեն ազրպէյճանցիներուն այս տարբերութիւնը` մինչեւ անոնց հետ բանակցութիւններ վարելը:

Նախորդը

Էրտողան Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացումը Դարձեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Կը Կապէ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Կը Քննադատէ Սաֆարովի Հարցին Առնչութեամբ Անհամարժէք Արձագանգները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.